Ծառատունկի խորհուրդը նոյն ինքն կեանքն է. կեանքի շարունակականութիւնը եւ միասնութիւնը: Ծառատունկի պահն իսկ միասնութիւն կը խորհրդանշէ եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի Թեհրանի յանձնախումբին կողմէ յայտարարուած համահամայնքային ծառատունկը,
«Սոհանաք» այգիին մէջ, մէկ անգամ եւս համախմբեց մեզ: Իւրաքանչիւրին հոն բերած էր խորհուրդ մը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշողութեան խորհուրդը: Եւ յետայսու այդ այգիի գողտրիկ անկիւնի մը մէջ իր ուրոյն տեղը կ’ունենայ մեր Բիւրաւոր Նահատակներու յիշատակը յաւերժացնող ծառուղին։ Այս մասին «Եռագոյն»ին հաղորդած է Իրանի «Ալիք» օրաթերթի լրագրողը։
Ծառատունկի ընթացքին, այգիին մէջ տնկուեցան 100ը խորհրդանշող նոյնքան շիւեր, եւ ձեռնարկին ներկայ Թեհրան նահանգի Բնական Պաշարներու եւ Ջրօգտագործման ընդհանուր վարչութեան տեխնիքական գծով փոխ-տնօրէն Հաղղանին, իր խօսքի մէջ բարձր գնահատելով ձեռնարկի գաղափարը, նշեց, որ կրնանք ծառուղիի մուտքին տեղադրել յուշատախտակ մը, ուր կը յիշատակուի, որ այս պուրակը նուիրուած է Հայ Նահատակներու յիշատակին:
Թեհրանի Անտառներու եւ Արօտավայրերու Պահպանման վարչութեան՝ «Վալիէ ֆաղիհ»ի ներկայացուցիչ հոջ. Մոհաբաթ Էսլամ Սալարին եւս, բարձր գնահատելով նախաձեռնութիւնը, խոտացաւ, որ անիկա պիտի արժանանայ յատուկ ուշադրութեան եւ խնամքի, միաժամանակ՝ ան յորդորեց, որ յաճախ մենք ալ այցելենք ու խնամենք նորատունկ շիւերը:
Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի Թեհրանի յանձնախումբին անունով արտայայտուեցաւ յանձնախումբի անդամ Վահիկ Աղաքեան, որ իր խօսքին մէջ ի մասնաւորի շնորհակալութիւն յայտնեց պատկան մարմիններուն, որոնք առիթը ընծայեցին 100րդ տարելիցին առիթով իրականացնելու ծառատունկը, եւ յոյս յայտնեց, որ այս համագործակցութիւնը շարունակական պիտի ըլլայ:
Աւարտին, ներկաներէն իւրաքանչիւրը իր տնկած ծառին հետ ձգեց իր հոգիին մէկ մասնիկը՝ յուսալով, որ տնկիները շուտով պիտի դառնան սաղարթախիտ ծառեր ու յաւերժացնեն խորախորհուրդ՝ մեզի համար անմահ մեր Նահատակներուն յիշատակը: