Լոս Անճելեսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Միթչ Օ՛ֆարել առաջարկ ներկայացուցած է՝ Լիթըլ Արմենիա թաղամասի մէկ հատուածը «Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակի Հրապարակ» անուանակոչելու մասին: Նախագիծը քուէարկութեան պիտի դրուի յառաջիկայ օրերուն:
«Լոս Անճելըսի մէջ կը բնակի հայկական ամենամեծ համայնքներէն մէկը: Հայկական Սփիւռքի նման ներկայութիւնը այս քաղաքի մէջ՝ հետեւանք է Օսմանեան Կայսրութեան կողմէ 1915 թուականին իրականացուած Հայոց Ցեղասպանութեան, որու ընթացքին մէկուկէս միլիոն հայեր սպաննուեցան եւ հարիւր հազարաւոր մարդիկ ստիպուած եղան լքելու իրենց նախնիներու հայրենիքը:
Հարիւր տարի անց, Օսմանեան Կայսրութեան ժառանգորդ Թուրքիոյ կառավարութիւնը դեռ չէ ճանչցած այս պատմական փաստերը: Լոս Անճելըսի հայ համայնքը ջանասիրաբար կ’աշխատյ հասնելու Թուրքիըյ կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման՝ մարդկութան դէմ գործուած այս սարսափելի ոճիրի մասին իրազեկելով ողջ աշխարհը»,- գրուած է Միթչ Օ՛ֆարելի նախագիծին մէջ: