Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Աւստրալիոյ յանձնախումբը նամակով դիմած է Հարաւային Ուէյլսի իշխանութիւններուն՝ յառաջիկային Թուրքիոյ Հանրապետութեան առաջին նախագահ Մուստաֆա Քեմալ Աթաթուրքի յուշարձանի տեղադրման առնչութեամբ: Անցեալ ամիս Սիտնէյի Hyde Parkին մէջ տեղի ունեցած է Աթաթուրքին նուիրուած յուշատախտակի տեղադրում՝ ի յիշատակ Կալիփոլիի ճակատամարտի 100ամեակին: Բացի այդ, նմանատիպ յուշատախտակ արդէն տեղադրուած է Աւստրալիոյ մէկ այլ քաղաքին` Քանպերայի մէջ:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»՝ վկայակոչելով Armenia.com.auն, նամակին մէջ հայերը ներկայացուցած են այն սարսափելի իրադարձութիւնները, որոնք կատարուած են Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի ժամանակ, այն յանցագործութիւնները, զորս կատարած է Աթաթուրք հայ, յոյն եւ ասորի ժողովուրդներուն դէմ:
«2015 թուականը կ՛առանձնանայ ոչ միայն Կալիփոլիի ճակատամարտով, այլեւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցով եւ շատ կարեւոր է, որ պատմական այս կարեւոր ժամանակաշրջանը ներկայացնելու ատեն փաստերն ու իրադարձութիւնները չխեղաթիւրուին: Այն ժամանակ, երբ Աւստրալիոյ զինուորները խիզախօրէն կը պայքարէին դաշնակիցներու բանակին մէջ, Մուստաֆա Քեմալ Աթաթուրք, որ հետագային դարձաւ գերմանական նացիոնալիզմի եւ Ատոլֆ Հիթլերի կուռքը, Օսմանեան Կայսրութիւնը «մաքրազտեց» ազգային փոքրամասնութիւններէն: Եթէ յուշարձանը պիտի տեղադրուի անոր թողած ժառանգութիւնը պատուելու համար, ապա անոր թողած ժառանգութիւնը բռնաբարութիւններն են, մարդասպանութիւնը, բռնատիրութիւնը, էթնիկ զտումներն ու ցեղասպանութիւնը: Բացի այն, որ այդ յուշարձանը կը վիրաւորէ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը, այն նաեւ աւստրիալիական ուժերու ամօթն է, որոնք իրենց վերջնական կործանումը գտան Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի ժամանակ»:
Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Աւստրալիոյ յանձնախումբի ատենապետ Վաչէ Ղահրամեանն ալ իր հիասթափութիւնը յայտնած է, որ Նոր Ուէյլսի իշխանութիւնները չեն խորհրդակցած Աւստրալիոյ հայ համայնքին հետ՝ նման կարեւոր որոշում ընդունելէ առաջ: «Որպէս աւստրալացիներ, մենք կը հասկնանք Կալիփոլիի ճակատամարտին կարեւորութիւնը Աւստրալիոյ համար, սակայն ինքնակոչ բռնատէր Աթաթուրքը պէտք չէ Աւստրալիոյ մէջ ընկալուի որպէսզի Կալիփոլիի հերոսականութեան խորհրդանիշ»,- ըսած է Ղահրամանեան: