Ամերիկացի Քոնկրեսականներ Ճուտի Չուէն եւ Էտըմ Շիֆէն բացի, Պաքուի, Սումկայիթի եւ Կիրովապատի մէջ 1988էն 1990 հայոց դէմ գործուած կոտորածներու զոհերուն յիշատակին նուիրուած յայտարարութիւններով, հան դէս եկած են Ծերակուտական Հարրի Փիթըրզը, Քոնկրեսին մէջ Հայկական Հարցերու Խումբի համանախագահներ Ֆրենք Փալոնը եւ Ռոպըրթ Տոլտը, Ներկայացուցիչներու Տան անդամներ Քեթրին Քլարքը, Ճիմ Քեսթան եւ Պրեթ Շերմընը: Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբէն News.amին յայտնած են, որ Ա.Մ.Ն. օրէնսդիրները կը դատապարտեն Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ անոր կառավարութեան կողմէ շարունակուող բռնութիւնը եւ սպառնալիքները:
Ծերակուտական Փիթըրզ յայտարարած է.- «Կ՛ուզեմ իմ յարգանքի տուրքս մատուցել 27 տարի առաջ Ատրպէյճանի պետութեան կողմէ կազմակերպուած հայկական կոտորածներու զոհերուն յիշատակին: Իրական ժողովրդավարութիւնը պէտք է յարգէ փոքրամասնութիւններու իրաւունքները, թոյլ տայ քաղաքացիներուն խաղաղ եւ ազատ խօսելու, ինչպէս նաեւ պաշտպանելու բոլոր բնակիչներուն իրաւունքը»:
Քոնկրեսական Փալոն նշած է.- «Մենք պատասխանատուութիւն կը կրենք եւ պէտք է բարձրացնենք մեր ձայնը, երբ մարդոց խումբ մը բռնութեան թիրախ կը դառնայ միայն ցեղային պատկանելիութեան համար: Ես իմ գործընկերներուս հետ կը շարունակեմ ջանքեր գործադրել, որպէսզի լոյս սփռուի այդ իրադարձութիւններուն վրայ: Մենք այսուհետեւ եւս կը գործենք Կովկասի շրջանին մէջ փոխըմբռնման եւ անվտանգութեան նպաստելու համար: Ես յոյս ունիմ, որ մենք բոլորս պիտի կարենանք միաւորուիլ եւ դատապարտել անցեալին կատարուած բռնութեան գործողութիւնները»: