Բրիտանական«Տը Կարտիըն» օրաթերթի Երեքշաբթի՝ 15 Յուլիս 1919ի թիւին մէջ, «Հայկական ջարդ. հարիւրաւոր կիներ ու մանուկներ սպաննուած» խորագիրով լրատուութեան մէջ, կը կարդանք. «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը Երեւանի մէջ հայ պետական աղբիւրէ մը ստա
ցած է 17 Յունիս թուակիր զեկուցում մը, որ մանրամասն կերպով կը ներկայացնէ վերջերս Ղարաբաղի մէջ հայերու ջարդը։ Այս տուեալները ցոյց կու տան, որ զինադադարէն (Համաշխարհային Ա ռաջինՊատերազմի) ութ ամիս ետք՝ Կովկասի մէջ հայ կիներ ու մանուկներ ջարդուած են։
«Յունիս 4ի առաւօտեեան ժամը երեքին, Ատըրպէյճանի թաթար կառավարութեան զինեալ ուժերը, հայկական Ղարաբաղ նահանգի կառավարիչ նշանակուած տոքթ. Սուլթանովի հրամանով, սկսան յարձակում գործել մայրաքաղաք Շուշիի վրայ։ Հայերը Սուլթանովէն վերատիրացան ամրութիւններուն, սակայն Հայ Ազգային Խորհուրդի անդամները, յաւելեալ արիւնահեղութենէ զգուշանալու համար, հեռացան քաղաքէն։ Այն հայերը, որոնք գործով քաղաքի թաթարական շրջանին մէջ էին կամ այդտեղ կ՚ապրէին, անողոքաբար ջարդուեցան։
«Այդ արարքները յաջորդ օրերուն տարածուեցան ամբողջ երկրին մէջ, եւ այդ շրջանին մէջ բնակող քիւրտերը ջարդեցին Խայփալիի հայ խաղաղ բնակչութիւնը՝ հրկիզելով, աւարելով եւ քանդելով ամէն բան, ինչպէս նաեւ կիներ ու փոքր աղջիկներ գերեվարելով։ 50 կիներ եւ աղջիկներ տարուեցան կառավարիչ Սուլթանովի տունը, որ զանոնք երկու օր ետք, Վահան Սրբազանի եւ ուրիշներու միջամտութեան իբրեւ արդիւնք, վերադարձուց։ Քարկաժան, Փահլուլ եւ Ճամուշլի գիւղերը նոյն ճակատագիրին արժանացան, իսկ երկու այլ գիւղեր մասնակի վնասներ կրեցին։ «Զոհերուն ընդհանուր թիւը աւելի քան 600 է, որոնցմէ շատերը կիներ ու մանուկներ են։ Մարդիկ Երեւանի մէջ Բրիտանական Առաքելութեան շէնքը կը պաշարեն՝ պահանջելով արդարութիւն։ Կը հաղորդուի, որ Կովկասի մէջ Դաշնակից Ուժերու հրամանատարը ձերբակալած է տոքթ. Սուլթանովը»։