ֆիլմին ներկայացումէն ետք, Արցախի երեք պատանիներուն՝ Արամի «մամա՜, մամա՜» սրտաճըմլիկ կանչը, Աստղիկի անմեղ նայուածքը եւ Թեւանիկի ամչկոտ-անկեղծ ու քաջարի ժպիտը մեր մտքերուն ու սրտերուն մէջ մնացին եւ, բաւական երկար ժամանակ, ընկերական զրոյցներու նիւթ դարձան, նոյնիսկ յաջորդող օրերուն:
Արցախի ազատագրական պատերազմի տարիներէն ներշնչուած եւ շարժապատկերի տարբեր փառատօններէ (ֆեսթիվալներէ) պարգեւատրուած՝ «Թեւանիկ»ը ցուցադրուեցաւ նախ Աթէնքի մէջ, Հինգշաբթի՝ 26 Փետրուար 2015ին, ԻԱՆՈՍ գրատան սրահէն ներս, ապա Շաբաթ՝ 28 Փետրուարին Նէա Զմիռնիի ՂԱԼԱՔՍԻԱՍ մշակութային կեդրոնին մէջ, Հ.Յ.Դ. «Արամ Մանուկեան» Կոմիտէի ու Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական Միութեան Ֆիքսի «Դրօ» խումբի կազմակերպութեամբ եւ Նէա Զմիռնիի քաղաքապետութեան հովանաւորութեամբ: Այս նախաձեռնութիւնը առաջինն էր Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու այն շարքին, որ միասնաբար ծրագրած են Հ.Յ.Դ. «Արամ Մանուկեան» Կոմիտէն եւ Նէա Զմիռնիի քաղաքապետութիւնը եւ համագործակցաբար պիտի իրագործեն այս տարի:
«Թեւանիկ»ի զոյգ ցուցադրութիւններն ալ տեղի ունեցան ներկայութեամբ ու մասնակցութեամբ ժապաւէնի բեմադրիչին՝ Ջիւան Աւետիսեանի, որ յատկապէս այս առիթով հրաւիրուած էր Հայաստանէն:
Հինգշաբթի՝ 26 Փետրուարի երեկոյեան, Աթէնքի ԻԱՆՈՍ գրատան սրահը փութացած հայ եւ յոյն մշակութասէր հասարակութիւնը առիթը ունեցաւ լսելու լրագրող Վանկելիս Բանաղոբուլոսի ներածականը, որ ակնարկ մըն էր Հայոց Ցեղասպանութեան վրայ, ինչպէս նաեւ դերասանուհի Տիմիդրա Խաթուբիի եւ բեմադրիչ Անտոնիս Պոսգոիթիսի գնահատականները՝ «Թեւանիկ» ժապաւէնի մասին: Տիմիդրա Խաթուբի տպաւորեց իր մէկ արտայայտութեամբ՝ ըսելով.- «Ինծի համար այնքան ալ կարեւոր չէր յունարէնով տրուած ենթախորագրերու գոյութիւնը: Յայտնեմ , որ նոյնիսկ չուզեցի հետեւիլ այդ ենթախորագիրներուն, որովհետեւ հերոսները այնքա՛ն ինքնատիպ էին, պատկերներու մէջէն ցոլացող պատմութիւնը այնքա՛ն սիրտ գրաւող ու իրաւ, դերասաններու խաղարկութիւնը այնքա՛ն խօսուն, որ ֆիլմը դիտեցի ոչ միայն աչքերով, այլ հոգիով եւ սրտով...»:
Ձեռնարկի սկիզբին, երաժիշտ Ստեփան Թէքիրեան դաշնակի վրայ նուագեց եւ երգեց Ղարաբաղին նուիրուած իր յօրինած երգը: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ընկերուհի Ալիս Փափազեան, որ անդրադարձաւ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ներկայ քաղաքականութեան եւ շեշտեց ներկայի մարտահրաւէրները, որոնց առջեւ կը գտնուի հայութիւնը: Ապա՝ ընկերուհին խօսք տուաւ «Թեւանիկ»ի բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեանին:
Հայազգի երիտասարդ բեմադրիչը նախ իր անկեղծ շնորհակալութիւնը յայտնեց կազմակերպիչներուն՝ իրեն ընծայուած այս առիթին համար, ապա՝ կարճ բացատրութիւններ տուաւ ժապաւէնի նիւթին ու պատրաստութեան մասին: Ան ի միջի այլոց ըսաւ.- Պատերազմը միայն գրաւուած, քանդուած կամ այրած քաղաքներն ու գիւղերը չեն. պատերազմը մարդոց ապրած տառապանքն է, ճակատագիրն է, քանդուած ընտանիքներն են, որբ մնացած երեխաները, զաւակ կորսնցուցած ծնողներն են... «Թեւանիկ»ը անոնց մասին է...
Իւրայատուկ բեմադրութեամբ շարժանկարի ժապաւէն մըն է «Թեւանիկ»ը: Ներկաները մեծ գոհունակութեամբ եւ քաջալերական խօսքերով մեկնեցան սրահէն՝ իրենց հետ առնելով Արցախի լեռներէն եւ Թեւանիկի խռովքէն մաս մը:
Շաբաթ՝ 28 Փետրուարի երեկոյեան, Նէա Զմիռնիի ՂԱԼԱՔՍԻԱՍ մշակութային կեդրոնի սրահը լեցուն էր հայ եւ յոյն հասարակութեամբ, որ յուզումով դիտեց Ղարաբաղեան պատերազմէն ներշնչուած ու իր խորքով հակապատերազմական պատգամներ փոխանցող «Թեւանիկ» ժապաւէնը: Ձեռնարկին ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան՝ պր. Գագիկ Ղալաչեան եւ իր տիկինը, Յունահայոց Թեմակալ Առաջնորդ Խորէն Արք. Տօղրամաճեան, Նէա Զմիռնիի փոխ-քաղաքապետ ու Մշակոյթային Բաժնի նախագահ պր. Վանկելիս Խաչատուրեան, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի կողմէ ընկ. Յովհաննէս Մանկոյեան, Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեան, Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Ժողովրդապէտ Ռաֆֆի քհնյ. Շէֆիքեան, Ս. Կարապէտ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Նարեկ քհնյ. Շահինեան, Նէա Զմիռնիի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ եւ գաղութի կառոյցներու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ:
Բացումը կատարեց Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական Միութեան Ֆիքսի «Դրօ» խումբին կողմէ ընկ. Օննիկ Խաչիկեան: Ան վճռական ոճով մը հայ երիտասարդութեան խօսքն ու կամքը փոխանցեց, մանաւանդ ներկայ իրականութեան առջեւ: Բեմ հրաւիրեց Վանկելիս Խաչատուրեանը, որ նախ անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած Նէա Զմիռնիի քաղաքապետութեան նախաձեռնութիւններուն, ապա՝ գնահատելով բեմադրիչին գործը, Ջիւան Աւետիսեանը պարգեւատրեց քաղաքի Ոսկեայ Մետալով, որուն, ինչպէս որ ինք՝ փոխ-քաղաքապետը շեշտեց, արժանացած են քիչեր - համբաւաւոր յոյն յօրինող Միքիս Թէոտորաքիս, Յունաստանի Հանրապետութեան նախկին նախագահ Գոսթիս Սթեֆանոբուլոս եւ համբաւեալ սակաւաթիւ անձնաւորութիւններ՝ Տոմնա Սամիու, Էլլի Բաբբա ու Ճենի Վանու:
Ջիւան Աւետիսեան խորապէս յուզուած՝ տրուած պատիւին համար, շնորհակալական խօսք ուղղեց Նէա Զմիռնի քաղաքի ներկայացուցիչներուն, նաեւ՝ բոլոր ներկաներուն անխտիր:
Ժապաւէնին ցուցադրութենէն ետք, բեմադրիչը ընդունեց ներկաներու շնորհաւորութիւններն ու յաջողութեան մաղթանքները:
Ջիւան Աւետիսեան իր ելոյթներու ընթացքին յայտնեց , թէ ինք Արցախի զինուոր է՝ առանց համազգեստի. թէ՝ կ՛երազէ, որ ԹԵՒԱՆԻԿ իսկապէս թեւեր ունենայ, իրմէ անկախանայ եւ դառնայ շատերունը:
Մենք սրտանց կը մաղթենք իրեն յաջողութիւն եւ կը սպասենք իր յաջորդ ստեղծագործութեան:
Արամի կանչը, Աստղիկի նայուածքը եւ Թեւանիկի ժպիտը լիացուցին մեր սրտերը: Կը նշանակէ, որ ԹԵՒԱՆԻԿ արդէն իսկ թեւեր առած է...
Ն. Ք. Գ.
Նէա Զմիռնիի քաղաքապետարանի տեղեկատուական պրակը
Նէա Զմիռնիի քաղաքապետարանը հրատարակած է պրակ մը, ուր մանրամասնօրէն կը ներկայացուի շարքը Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի առիթով ելոյթներուն, որոնք տեղի պիտի ունենան ութամսեայ ժամանակաշրջանի ընթացքին։ Բոլոր ձեռնարկները պիտի կազմակերպուին Նէա Զմիռնիի քաղաքապետութեան մշակութային բաժանմունքի, Հ.Յ.Դ. «Արամ Մանուկեան» Կոմիտէի եւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական Միութեան Ֆիքսի «Դրօ» խումբի վարչութեան համագործակցութեամբ եւ Նէա Զմիռնիի քաղաքապետարանի հովանաւորութեամբ։ Սոյն պրակը տպուած է 40.000 տպաքանակով, Նէա Զմիռնիի շրջանին մէջ տարածելու նպատակով։
Ստորեւ՝ կը հրապարակենք Նէա Զմիռնիի քաղաքապետ պր. Սթավրոս Ծուլաքիսի եւ Մշակութային բաժանմունքի ատենապետ պր. Վանկելիս Խաչատուրեանի ողջոյնի խօսքերը, որոնք լոյս տեսած են պրակին մէջ, Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով։