Մարտ 11-ին Պէյրութի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնին մէջ տեղի պիտի ունենայ հանդիպում Ուիքիմետիա Հայաստան գիտակրթական հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Սուսաննա Մկրտչեանի հետ՝ նուիրուած Արեւմտահա յերէն Ուիքիփետիայի ստեղծման եւ զարգացման ծրագրին: 2015-էն ի վեր Ուիքիմետիա Հայաստանը կը համագործակցի «Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնադրամ»-ին հետ՝ նպատակ ունենալով խթանել Արեւմտահայերէն ուիքիփետիայի ստեղծումն ու զարգացումը՝ նպատակ ունենալով համախմբել Հայաստանի եւ Սփիւռքի կազմակերպութիւններու եւ անհատներու ներուժը: