­Սու­րիոյ Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վի շէն­քին մէջ Չո­րեք­շաբ­թի, 4 Մարտ 2015ին, ­Սու­րիոյ խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գահ ­Մո­հա­մետ ­Ժի­հատ ­Լահ­համ ըն­դու­նեց ­Սու­րիոյ մէջ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան դես­պան դոկտ. Ար­շակ ­Փո­լա­տեա­նը եւ Ար­մաշ եպս. ­Նալ­պան­տեա­նը: Քն­նար­կը­ւե­ցան հայ-սու­րիա­կան խորհր­դա­րա­նա­կան կա­պե­րը եւ ­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կի ձեռ­նարկ­նե­րուն վե­րա­բե­րող հար­ցեր: ­Հան­դիպ­ման ներ­կայ էին նաեւ ­Հայ կա­թո­ղի­կէ վար­դա­պետ ­Ճորճ ­Պա­հի, դես­պա­նա­տան խորհր­դա­կան ­Վար­դան ­Յով­հան­նի­սեան եւ դոկտ. ­Նո­րա Ա­րի­սեան:

Այ­նու­հե­տեւ, տե­ղի ու­նե­ցաւ ընդ­լայ­նո­ւած հան­դի­պում մը, որ ընդգր­կեց խորհըր­դա­րա­նի Ընդ­հա­նուր Ա­զա­տու­թեան եւ Մար­դու Իրա­ւունք­նե­րու եւ Ազ­գա­յին Հաշ­տեց­ման յանձ­նա­խում­բե­րու ան­դամ­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ ­Դա­մաս­կո­սի մէջ ­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կի յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­ներ Մով­սէս ­Հա­լա­ճեան, ­Գէորգ ­Կէօն­ճեան, ­Պօ­ղոս ­Խա­ճա­րեան, ­Պերճ ­Պար­սու­մեան, ­Սար­գիս Պ­րուն­սու­զեան, ­Նո­րա Ա­րի­սեան եւ ­Քա­ղա­քա­կան Ժո­ղո­վի ան­դամ­նե­րէն Ա­ւօ Ոս­կեան եւ ­Յա­կոբ ­Ներ­սէ­սեան: ­Բաց­ման խօս­քեր ար­տա­սա­նե­ցին Ազ­գա­յին Հաշ­տեց­ման յանձ­նա­խում­բի նա­խա­գահ Օ­մար Աու­սի եւ Ընդ­հա­նուր Ա­զա­տու­թեան եւ Մար­դու Իրա­ւունք­նե­րու յանձ­նա­խում­բի նա­խա­գահ ­Պա­տի Ս­քուր, ո­րոնք ընդգ­ծե­ցին սու­րիա­հա­յե­րուն դե­րը ­Սու­րիոյ կեան­քին մէջ եւ անդ­րա­դար­ձան ցե­ղաս­պա­նու­թեան ըն­թաց­քին հայ ժո­ղո­վուր­դին կրած տա­ռա­պան­քին եւ ա­նոր ի­րա­ւազրկ­ման: Ա­նոնք նշե­ցին, որ վեր­ջին շրջա­նին ­Սու­րիոյ մէջ թրքա­կան վար­չա­կար­գին կող­մէ տե­ղի ու­նե­ցա­ծը շա­րու­նա­կու­թիւնն է Օս­մա­նեան Կայս­րու­թեան մէջ հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ ի­րա­կա­նա­ցո­ւած յան­ցա­գոր­ծու­թեան:

­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան դես­պան դոկտ. Ար­շակ ­Փո­լա­տեան իր խօս­քին մէջ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց խորհըր­դա­րա­նին եւ նշեալ յանձ­նա­խում­բե­րուն այս ուղ­ղու­թեամբ տա­րած աշ­խա­տան­քին հա­մար, ինչ­պէս նաեւ օ­րէնս­դիր մար­մի­նին ի­րա­կա­նա­ցու­ցած այս հան­դի­պու­մը պատ­մա­կան ո­րա­կեց: