­Բ­րի­տա­նա­ցի լրագ­րող Ռո­պըրթ Ֆիսք կը քննա­դա­տէ Թուր­քիոյ եւ ա­րեւմ­տեան ո­րոշ կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րու կող­մէ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժխտու­մը:

Ե­լոյթ ու­նե­նա­լով Մար­դու Ի­րա­ւունք­նե­րու հար­ցե­րուն նո­ւի­րո­ւած ժնե­ւեան մի­ջազ­գա­յին ժո­ղո­վին եւ շար­ժան­կա­րի փա­ռա­տօ­նին ժա­մա­նակ` բրի­տա­նա­ցի լրագ­րո­ղը, որ յայտ­նի է Ու­սա­մա Պին Լա­տե­նի հետ ե­րեք ան­գամ հար­ցազ­րոյց վա­րե­լու հա­մար, անդ­րա­դար­ձած է Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան թե­մա­յին:

News.am կը գրէ, ըստ զո­ւի­ցե­րիա­կան «Le Temps» պար­բե­րա­կա­նին, որ Ֆիսք մաս­նա­ւո­րա­պէս յի­շա­տա­կած է, թէ ինչ­պէ՞ս Թուր­քիոյ մէջ պտտած է Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն վե­րապ­րա­ծի մը հետ, որ գտած է իր տու­նը: Իսկ տան դռնե­րը ընդ­միշտ փա­կո­ւած են: «­Լե­հաս­տա­նի մէջ հրեան, ո­րուն Հո­լո­քոս­թի ժա­մա­նակ թա­լա­նած են, կրնայ իր տու­նը ետ ստա­նալ: Իսկ Թուր­քիոյ մէջ նման պա­րա­գա­նե­րու հա­յը ոչ մէկ ի­րա­ւունք ու­նի: Ին­չո՞ւ»,- հարց տո­ւած է լրագ­րո­ղը:

Ռո­պըրթ Ֆիսք, որ շուրջ 40 տա­րիէ ի վեր կը լու­սա­բա­նէ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը, ժա­մա­նա­կա­կից պատ­մու­թեան այդ է­ջը ու­սում­նա­սի­րե­լու բազ­մա­թիւ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ ու­նե­ցած է:

«­Հա­յե­րու կո­տո­րա­ծը 20րդ դա­րի ա­ռա­ջին ցե­ղաս­պա­նու­թիւնն էր: Ա­նի­կա նաեւ կա­պո­ւած է երկ­րոր­դին` հրեա­նե­րու ցե­ղաս­պա­նու­թեան հետ, քա­նի որ գեր­մա­նա­ցի ո­րոշ մաս­նա­գէտ­ներ թրքա­կան բա­նա­կին մէջ ա­կա­նա­տես ե­ղած են այդ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն, իսկ յե­տոյ յայտ­նո­ւած են գեր­մա­նա­կան բա­նա­կի շար­քե­րը, որ­պէս­զի նոյն չա­րա­գոր­ծու­թիւ­նը կա­տա­րեն Պե­լա­ռու­սիոյ եւ Ուք­րա­նիոյ մէջ: Բայց Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ոչ միայն կը հեր­քո­ւի թրքա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն, այ­լեւ կ­՛ան­տե­սո­ւի ա­րեւմ­տեան կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րուն կող­մէ»,- նշած է Ֆիսք:

«Ո­ւինս­թըն Չըր­չիլ ա­ռանց տա­տա­նե­լու այդ ող­բեր­գու­թիւ­նը ցե­ղաս­պա­նու­թիւն կը կո­չէր: Սա­կայն տաս­նա­մեակ­ներ անց, Մեծ Բ­րի­տա­նիոյ մէկ այլ վար­չա­պետ` Թո­նի Պ­լեր հրա­ժա­րե­ցաւ այդ ը­նե­լէն:Ես կ­՛ապ­րիմ Պէյ­րութ, քա­ղաք, որ 350 հա­զար հա­յե­րու տունն է: Ես բազ­մա­թիւ ըն­կեր­ներ ու­նիմ այդ հա­մայն­քին մէջ, ո­րոնց տա­տերն ու պա­պե­րը Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զոհ դար­ձած են: Իսկ իմ սե­փա­կան եր­կիրս չի հա­մար­ձա­կիր այդ ող­բեր­գու­թիւ­նը իր ա­նու­նով կո­չե­լու»,- կ­՛ա­ւելց­նէ լրագ­րո­ղը: