Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին ընդառաջ, Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ պիտի հիմնուի Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշողութեան Կեդրոն: Նախաձեռնութիւնը Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի յանձնախումբինն է՝ Ֆրանսայի նա խագահ Ֆրանսուա Հոլանտի աջակցութեամբ:
«Ֆրանսուա Հոլանտ այս ծրագիրին մղիչ ուժն է: Ան կը ցանկանայ, որ այս նախաձեռնութիւնը իրականութիւն դառնայ:
Երբ համայնքի անդամները 2012ին հանդիպեցան Ֆրանսայի նախագահին հետ, այս հարցը նոյնպէս քննարկուեցաւ, եւ ան հաստատեց ծրագիրը: Այս տարիներու ընթացքին ան միշտ կը հետաքրքրուի, թէ ծրագիրը ո՞ր փուլին մէջ է: Ան յանձնարարած է Փարիզի քաղաքապետարանին աջակցիլ այս հարցով եւ տարածք տրամադրել այս կեդրոնին համար: «Փաստօրէն, պետութեան ուժերը մէկտեղուած են, որպէսզի այս կեդրոնի ծրագիրը կեանքի կոչուի»,- ըստ «Արմէնփրես»ին՝ ըսած է Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան եւ աւելցուցած, որ այժմ կողմերը համապատասխան կառոյց կը փնտռեն: Պայմանաւորուածութեան համաձայն՝ Փարիզի քաղաքապետարանը շէնք պիտի տրամադրէ հայ համայնքին՝ կեդրոնի հիմնումին համար, սակայն կառոյցը պիտի պատկանի ոչ թէ համայնքին, այլ՝ քաղաքապետարանին: Մուրատ Փափազեան շեշտած է, որ Յիշողութեան Կեդրոնի նախաձեռնութիւնը ամենայն հաւանականութեամբ իրականութիւն պիտի դառնայ աշնան: Յիշողութեան կեդրոնին մէջ պիտի գործեն ցուցասրահ, աշխատասենեակներ, ուր ուսանողները պիտի կարենան ուսումնասիրութիւններ կատարել, նաեւ դահլիճ, ուր պիտի կազմակերպուին գիտաժողովներ, դասախօսութիւններ, հանդիպումներ Հայ Դատի յանձնախումբի եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: Թէեւ Յիշողութեան Կեդրոնը նուիրուած պիտի ըլլայ Հայոց Ցեղապանութեան, սակայն կը նախատեսուի, որ ձեռնարկներ եւ դասախօսութիւններ կազմակերպուին նաեւ ընդհանրապէս մարդկութեան դէմ գործուած յանցագործութիւններու մասին:
Բացի Յիշողութեան Կեդրոնի բացումէն, Ֆրանսայի մէջ 100ամեակին նուիրուած ծրագիրները բազմաթիւ են: Մարտին, Սորպոն համալսարանին մէջ պիտի կայանայ չորսօրեայ միջազգային գիտաժողով:
Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին հետ համատեղ երեք ամիս շարունակ Փարիզի քաղաքապետարանին մէջ պիտի ցուցադրուին թանգարանի ցուցանմուշները: