Ֆ­րան­սա­յի խորհր­դա­րա­նի Ֆ­րան­սա-­Ղա­րա­բաղ բա­րե­կա­մու­թեան խում­բի ե­րեք ան­դամ­ներ, «Էքսփ­րես» հե­ղի­նա­կա­ւոր շա­բա­թա­թեր­թի կայ­քէ­ջին մի­ջո­ցով, հան­դէս ե­կած են յայ­տա­րա­րու­թեամբ` ի նպաստ ­Ղա­րա­բա­ղի մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման: ­Յայ­տա­րա­րու­թեան հե­ղի­նակ­նե­րէն եր­կու­քը ծե­ րա­կու­տա­կան­ներ են` ­Սո­ֆի ­Ժո­ւա­սեն եւ ­Մի­շել Ա­միել, եր­րոր­դը` ­Պուր լը ­Վա­լան­սի քա­ղա­քա­պետ ­Մար­լեն ­Մու­րիէն է: Այս մա­սին կը հա­ղոր­դէ «Ա­զա­տու­թիւն» ձայ­նաս­փիւ­ռի կա­յա­նը:

­Յի­շեց­նենք, որ այս տա­րո­ւան ­Յու­նո­ւար 27ին, Ե.Ա.Հ.Կ.ի ­Մինս­կի խում­բի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը, Կ­րա­քո­վի մէջ Ատր­պէյ­ճա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Էլ­մար ­Մա­մե­տեա­րո­վի հետ հան­դիպ­ման ժա­մա­նակ, լուրջ մտա­հո­գու­թիւն յայտ­նե­ցին շփման գի­ծի եր­կայն­քով եւ հայ-ատր­պէյ­ճա­նա­կան սահ­մա­նին տե­ղի ու­նե­ցող յար­ձա­կում­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ:

Ի­կոր ­Փո­փով (­Ռու­սիա), ­Ճէյմս Ո­ւոր­լիը (Ա.Մ.Ն.) եւ ­Փիեռ Անտ­րիոն (Ֆ­րան­սա) կոչ ը­րին Ատր­պէյ­ճա­նին` կա­տա­րե­լու խնդրի խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման վե­րա­բե­րեալ իր յանձ­նա­ռու­թիւն­նե­րը: Ֆ­րան­սա­ցի գոր­ծիչ­նե­րը ի­րենց յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ նախ գո­հու­նա­կու­թիւն կը յայտ­նեն, որ հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը ի­րենց վեր­ջին դիր­քո­րո­շում­նե­րուն մէջ ա­ւե­լի լաւ նկա­տի ա­ռած են տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ տի­րող քա­ղա­քա­կան ի­րո­ղու­թիւ­նը: «­Ղա­րա­բա­ղի ե­րի­տա­սարդ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թի­ւը կը շա­րու­նա­կէ բա­խիլ Ատր­պէյ­ճա­նի ինք­նա­կալ կար­գի սպառ­նա­լիք­նե­րուն, ինչ որ կը հաս­տա­տէ, որ հա­կա­ռակ 1994 թո­ւա­կա­նին կնքո­ւած զի­նա­դա­դա­րին` լա­րո­ւա­ծու­թիւ­նը կ­՛ա­ճի տա­րիէ տա­րի, շա­բա­թէ շա­բաթ, սահ­մա­նա­մերձ շրջան­նե­րուն մէջ, ո­րուն հա­մար հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը եր­կար ժա­մա­նակ խու­սա­փած են ա­տոր պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը դնե­լէ մէկ կամ միւս կող­մին վրայ եւ գո­նէ պաշ­տօ­նա­պէս ան­տե­սած են ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղը: ­Հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն վեր­ջերս կա­տա­րած քա­նի մը յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը ցոյց կու տան, որ ա­նոնք հրա­ժա­րած են այդ քա­ղա­քա­կա­նու­թե­նէն, որ ոչ միայն բա­րո­յա­պէս ա­նար­դար է, այ­լեւ` ա­նար­դիւ­նա­ւէտ»,–­ ը­սո­ւած է յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ:

Ա­նոնք յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ նաեւ նշած են, որ պէտք չէ միեւ­նոյն մա­կար­դա­կի վրայ դնել զո­հը եւ ա­նոր վրայ յար­ձա­կո­ղը.– «Եւ պէտք է հա­շո­ւի առ­նել մա­նա­ւանդ կող­մե­րուն քա­ղա­քա­կան կար­գե­րը, ո­րոնք շատ տար­բեր են ի­րար­մէ, այ­սինքն՝ մէկ կող­մէ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղը, որ կը փոր­ձէ խորհր­դա­րա­նա­կան ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւն կա­ռու­ցել` 24 տա­րէ ի վեր ընտ­րու­թիւն­ներ կազ­մա­կեր­պե­լով եւ գեր–­զի­նո­ւած Ատր­պէյ­ճա­նի ռազ­մա­կան յար­ձա­կում­նե­րուն հան­դէպ իր բնա­կիչ­նե­րու պաշտ­պա­նու­թիւ­նը ստանձ­նե­լով, իսկ միւս կող­մէ՝ Ա­լիե­ւի ա­րիւ­նա­հեղ բռնա­պե­տու­թիւնն է, որ կը բան­տար­կէ իր ընդ­դի­մա­դիր­նե­րը եւ մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պան­նե­րը, կը խեղ­դէ ա­մէն ա­զատ ձայն, ո­րուն վեր­ջին օ­րի­նա­կը «Ա­զատ Եւ­րո­պա/Ա­զա­տու­թիւն» ձայ­նաս­փիւ­ռի կա­յա­նին փա­կումն է»: