Հոլանտայի «Ազատութեան համար» (PVV) կուսակցութեան նախագահ եւ խորհրդարանի անդամ՝ Կերթ Ուիլտըրս (Gert Wilders) եւ պաշտօնատար այլ անձինք, Մարտ 2ին այցելեցին Ալմելոյի հայկա
կան եկեղեցին, ուր հաւաքուած էր հոծ բազմութիւն՝ յատկապէս երիտասարդութիւն, որ մեծ ցանկութիւն ունէր յայտնի կուսակցապետը տեսնելու։ Այս մասին «Եռագոյն»ին կը յայտնէ Հոլանտայի մեր գործընկեր Յարութ Պօղոսեան։
Կուսակցութեան ղեկավարը Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած յուշարձանին առջեւ ծաղկեպսակ դրաւ, ապա՝ եկեղեցւոյ սրահէն ներս նախատեսուած ձեռնարկի ընթացքին խօսք առնելով, կոչ ուղղեց Հոլանտայի թագաւորին եւ վարչապետին, որ Ապրիլ 24ին Հայաստան գտնուին՝ ներկայ ըլլալու Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի ոգեկոչման։
Ուիլտըրս ձեռնարկէն ետք իրեն հարց ուղղող լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու հարցերուն պատասխանելու ընթացքին, նոյնպէս կրկնեց երկրի թագաւորին ու վարչապետին ուղղուած իր կոչը։
«Գնա՛ Երեւան եւ մի վախնար թրքական կառավարութենէն»”,- իր կոչը ուղղելով Հոլանտայի վարչապետին ըսաւ «Ազատութեան համար» կուսակցութեան ղեկավարը, որ մեծ դեր ունեցած է 2014ին Հոլանտայի Օվերէյսվլ նահանգի Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործին մէջ։