Հայոց Ցեղասպանութիւնէն ետք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ Զօրավար Անդրանիկի ստորագրութեամբ հանգանակութեան կտրօններ հրապարակուած են: Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-Հիմնարկի
հրապարակած «100 իրապատում Հայոց Ցեղասպանութեան մասին” գիրքի նմուշներէն մէկն ալ 1919 թ. վերջին Ա.Մ.Ն.ի մէջ հրապարակուած կտրօնն է` «Փրկութեան Հանգանակութեան» կեդրոնական յանձնախումբին կողմէ, զոր կը ղեկավարէր Անդրանիկ Օզանեան:
«Արմէնփրես»ի փոխանցմամբ, ինչպէս յայտնած է Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-Հիմնարկի հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինը, կտրօնի վրայ գրուած է.- «Փրկութեան հանգանակութիւն Հայաստանի կարօտելոց»: Կեդրոնին` հաւկթաձեւ շրջանակի մէջ, պատկերուած է Խրիմեան Հայրիկի (Մկրտիչ Խրիմեան) դիմանկարը, զոր կիսով չափ օղակած դափնեպսակին գրուած է՝ «Հայրիկ»: Նկարի աջ կողմը Ա.Մ.Ն.ի, իսկ ձախին` Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշներն են: Կտրօնին մէջ գրուած է նուիրատուի անուն-ազգանունը` Ստեփան Սողոմոնեան եւ հանգանակած գումարի չափը` 100 տոլար: Ստորին հատուածին՝ յանձնախումբի նախագահ Անդրանիկ Օզանեանի եւ գանձապետ Կ. Մարգարեանի ստորագրութիւններն են:Կտրօնի աջ անկիւնին նկարուած է հայ կարիքաւոր ընտանիք մը` հայր, մայր եւ երկու երեխաներ, որոնցմէ մէկը, ձեռքերը առաջ պարզած, հաց կամ դրամ կ’աղերսէ: Ձախ անկիւնին պատկերուած է Հայաստանը` Արարատ, Սիփան լեռներով եւ Վանայ լիճով: