Քե­սապ­ցի­նե­րը մտա­վա­խու­թիւն ու­նին, որ ­Թուր­քիա կրնայ դրդել «Իս­լա­մա­կան ­Պե­տու­թիւն»ը (Ի.Պ. - ՏԱՀԵՇ) քայ­լեր ձեռ­նար­կե­լու ­Քե­սա­պի դէմ:

Այս մա­սին «Ար­մէնփ­րես»ի նշած է ­Քե­սա­պի շտապ օգ­նու­թեան գոր­ծա­դիր մարմ­նի ան­դամ ­Կա­րօ ­Ման­ճի­կեան` ա­ ւելց­նե­լով, որ ի­րենց միակ մտա­վա­խու­թիւ­նը ա­տի­կա է, սա­կայն դեռ ո­րե­ւէ ան­հանգս­տաց­նող դէպք չէ ար­ձա­նագ­րո­ւած:

«­Թուր­քիա կրնայ նման ա­ռիթ տալ Ի.Պ.ին, ինչ­պէս որ ը­րաւ ան­ցեալ տա­րի «­Ժապ­հաթ ալ ­Նուս­րա»ի («­Յաղ­թա­նա­կի ­Ճա­կատ») պա­րա­գա­յին, որ յար­ձա­կո­ւե­ցաւ ­Քե­սա­պի վրայ»,- նշած է Կ. ­Ման­ճի­կեան:

Ան նաեւ տե­ղե­կա­ցուց, որ ­Քե­սա­պի մէջ ի­րա­վի­ճա­կը հա­մե­մա­տա­բար հան­գիստ է, կեան­քը եր­թա­լով ա­ւե­լի բնա­կա­նոն կը դառ­նայ: ­Ման­ճի­կեա­նի խօս­քով` հա­մա­ցան­ցը սկսած է աշ­խա­տիլ գիւ­ղա­քա­ղա­քին մէջ, գիւ­ղատն­տե­սու­թեամբ զբա­ղող­նե­րը վերսկ­սած են ի­րենց աշ­խա­տանք­նե­րը: ­Քե­սապ սու­րիա­կան բա­նա­կին կող­մէ ա­զա­տագ­րո­ւե­ցաւ 15 ­Յու­նիս 2014ին եւ բնակ­չու­թեան մեծ մա­սը վե­րա­դար­ձաւ իր հո­ղին: ­Քե­սա­պի բո­լոր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը, տու­նե­րը եւ բնա­կա­րան­նե­րը, ա­ռանց բա­ցա­ռու­թեան, վնաս­ներ կրած էին:

­Քե­սա­պի շրջա­նին վրայ յար­ձա­կու­մը սկսած էր ­Մարտ 21ին` ­Թուր­քիոյ սահ­մա­նի ութ կէ­տե­րէ: ­Յար­ձա­կու­մը ի­րա­կա­նա­ցու­ցած էին «­Ժապ­հաթ ալ ­Նուս­րա» եւ «­Ժէյշ ալ Իս­լամ» («Իս­լա­մա­կան ­Բա­նակ») խմբա­ւո­րում­նե­րը` ­Թուր­քիոյ կա­ռա­վա­րու­թեան ան­մի­ջա­կան ա­ջակ­ցու­թեամբ: