Ա.Մ.Ն. Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու Պալատի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնաժողովի անդամ Պրատ Շերման կոչ ըրած է Ա.Մ.Ն. արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիին՝ «քաջութիւն» դրսեւորելու եւ Հայոց Ցե ղասպանութեան հարիւրերորդ տարելիցի տարուան մէջ ճշմարտութիւնը ըսելու Հայոց Ցեղասպանութեան մասին: Քոնկրէսականը այս յայտարարութիւնը ըրած է Փետրուար 25ին` Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնաժողովի լսումներուն ընթացքին նախարար Քերրիի ելոյթին ժամանակ: «Ձեր Ծերակուտական եղած տարիներուն, դուք եղած էք Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ջատագովներէն: Այժմ մենք կը պատրաստուինք ոգերկոչելու Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրերորդ տարելիցը եւ ես յոյս ունիմ, որ Դուք պիտի դրսեւորէք քաջութիւն, որով դուք անձամբ յայտնի էք, եւ Սպրիլ 24ին պիտի օգտագործէք «ցեղասպանութիւն» բառը՝ հարիւր տարի առաջ Անատոլիոյ մէջ տեղի ունեցածը նկարագրելու համար»,- ըսած է Շերման:
Ճոն Քերրի յառաջիկայ շաբաթներուն գրաւոր պիտի պատասխանէ այս եւ այլ քոնկրէսականներու կողմէ տրուած հարցերուն: