Հ.Հ. սփիւռքի նախարարութեան «Մեր Մեծերը» ծրագրի ծիրէն ներս, նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Է. Սիմոնեանի գլխաւորած պատուիրակութեան եւ Սուրիահայերու Հիմնախնդիրները Հա մակարգող Կեդրոնի (Հ.Կ.) աշխատակիցներուն ուղեկցութեամբ, սուրիահայ պատանիներ ու աղջիկներ այցելեցին Նուբարաշէնի «Փոքր Մհեր» կրթահամալիրը, ուր անոնց սիրով եւ ջերմութեամբ ընդունեց կրթահամալիրի անձնակազմը: Ողջունելով հիւրերը` «Փոքր Մհեր» կրթահամալիրի մասնաճիւղի ղեկավար Արման Միրզոյեան եւ կրթահամալիրի փոխ-տնօրէն Նայիրա Դաւթեան ճանաչողական շրջայց կազմակերպեցին` ծանօթացնելով կրթահամալիր յաճախողներու սոցիալ-կենցաղային պայմաններուն եւ ուսումնառութեան ընթացքին: Այնուհետեւ, կրթահամալիրի հայկազունները թատերականացուած դրուագներու, ազգագրական երգերու, ասմունքի միջոցով ներկայացուցին հայ ազգային-ազատագրական շարժման ականաւոր գործիչ, մեծ զօրավար Անդրանիկ Օզանեանի ապրած կեանքը եւ անցած մարտական ուղին: Դահլիճին մէջ կ’իշխէր հայութեան հզօր ոգին, պայքարի ու յաղթանակի արժանաւոր հայ զինուոր եւ պետականութեան աննկուն պաշտպան ըլլալու պատրաստակամութիւնը: Զօրավար Անդրանիկին նուիրուած ստեղծագործութիւններով հանդէս եկան նաեւ սուրիահայ աշակերտները: Ամփոփելով ձեռնարկը` «Փոքր Մհեր» կրթահամալիրի տնօրէն գնդապետ Ս. Մուրադեան շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչներուն, մատաղ սերունդին մէջ հայրենասիրութիւն սերմանելու, ամրապնդելու եւ ոգեւորելու համար, ինչպէս նաեւ յորդորեց նման ձեռնարկներ պարբերաբար իրականացնել: Հ.Հ. սփիւռքի նախարարութեան աշխատակիցները շնորհակալութիւն յայտնեցին ջերմ ընդունելութեան համար եւ կրթահամալիրին յանձնեցին գիրքեր եւ խտասալիկներ:
Ձեռնարկի գեղարուեստական մասին յաջորդեց մարտական վարժանքներու ցուցադրութիւն. հայկազունները սուրիահայ աշակերտներուն ցուցադրեցին ատրճանակներու քանդել-հաւաքելու հմտութիւնները:
Զօրավար Անդրանիկի ծննդեան 150ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս Սուրիահայերու Հիմնախնդիրները Համակարգող Կեդրոնի եւ Հ.Հ. սփիւռքի նախարարութեան աշխատակիցներու ուղեկցութեամբ սուրիահայ աշակերտները Փետրուար 24ին այցելած էին «Զօրավար Անդրանիկ Թանգարան»ը եւ Կոմիտասի անուան պանթէոն: Թանգարանի վարիչ Սեդա Կարապետեան երեխաներուն ծանօթացուցած էր թանգարանի հիմնադրման պատմութեան, ապա ներկայացուցած` զօրավարի կեանքն ու գործունէութիւնը: