Թրքական բանակը զինուորական գործողութիւն մը իրականացուցած է Սուրիոյ տարածքին մէջ, Սուլէյման Շահի աճիւնը Թուրքիա տեղափոխելու համար։ Այս մասին «Եռագոյն» տեղեկացած է RT արաբական կայքէն։ Թուրքիոյ վարչապետը հաստատած է, որ յաջողութեամբ պսակուած է Սուրիոյ մէջ Սուլէյման Շահի գերեզմանը հսկող զինուորներու տարհանումը եւ անոր աճիւնը Թուրքիա տեղափոխուած է զինուորական գործողութեամբ։ Վարչապետը մամլոյ ասուլիսի ժամանակ յայտնած է նաեւ, որ գործողութիւնը իրականացուած է առանց սպասելու Սուրիոյ համաձայնութեան եւ գործողութեան մասնակցած են 100 հրասայլեր (ներառեալ 39 թնդանօթ) եւ 572 զինուոր։ Վարչապետը յայտնած է նաեւ, որ Շահի աճիւնը ժամանակաւորապէս տեղափոխած են Թուրքիա՝ հետագային դարձեալ Սուրիա թաղելու համար, վստահեցնելով որ Սուրիոյ տարածքին ապահով վայր մը գտած են Սուլէյման Շահը հոն թաղելու համար։ Սուլէման Շահի աճիւնը կը գտնուէր Սուրիոյ տարածքին,բայց Թուրքիոյ ենթակայութեան տակ գտնուող Քուպանի (Այն Արաբ) շրջանին մէջ, զոր քիւրտերը ազատագրեցին ՏԱԱԵՇ խմբաւորումէն։ Թրքական բանակի գործողութիւնը տեղի ունեցած է՝ համաձայնեցնելով ՏԱԱԵՇի դէմ պայքարող քիւրտերուն հետ։
Սուրիոյ արտաքին գործերու նախարարութիւնը այս գործողութիւնը որակած է բացայայտ յարձակում Սուրիոյ դէմ։ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնատար մը յայտնած է, որ Թուրքիոյ արտագին գործոց նախարարութիւնը Պոլսոյ մէջ Սուրիոյ հիւպատոսին յայտնած է աճիւնը տեղափոխելու մասին, բայց չէ սպասած Սուրիական կողմի համաձայնութեան։
Սուրիոյ Ա.Գ.Ն.ը կը նշէ, որ տեղափոխուած աճիւնը կը գտնուէր Րաքքա նահանգի մէջ,այնտեղ ուր ՏԱԱԵՇ ահաբեկչական խմբաւորումը եկեղեցիներ եւ մզկիթներ այրեց, սակայն չվնասեց Սուլէյման Շահի գերեզմանը. այս մէկը կը հաստատէ Թուրքիոյ խոր կապը ահաբեկչական այդ խմբաւորման հետ,- ընդգծած է Սուրիոյ արտագին գործոց նախարարութիւնը։