­Ֆ­րան­սա­յի ­Հայ­կա­կան ­Կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ­Հա­մա­կար­գող ­Խոր­հուր­դի հա­մա­նա­խա­գահ Ա­րա ­Թո­րա­նեան, ե­լոյթ ու­նե­նա­լով «­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը 100 տա­րի անց. ­Պատ­մու­թեան դա­սե­րը» կլոր սե­ղա­նի մաս­նա­կից­նե­րուն առ­ ջեւ, կոչ ը­րած է զգոյշ ըլ­լալ Եւ­րո­խորհրդա­րա­նին մէջ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման մա­սին բա­նա­ձե­ւի նա­խա­գի­ծին ար­ձա­նագ­րու­թեան հար­ցով:

­Յու­նո­ւար 29ին Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նին մէջ ար­ձա­նագ­րո­ւած է բա­նա­ձե­ւի նա­խա­գիծ մը, ո­րով պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը կոչ կ­՛ը­նեն ­Թուր­քիոյ ճանչ­նա­լու ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը: ­Նա­խա­ձեռ­նու­թեան հե­ղի­նակ­ներն են եւ­րո­պա­կան ծայ­րա­յեղ ա­ջա­կող­մեան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը: ­Բա­նա­ձե­ւին տակ ստո­րագ­րող­նե­րու շար­քին են նաեւ ֆրան­սա­կան «Ազ­գա­յին ­Ճա­կատ»ի ան­դամ­ներ ­Մա­րին լէ ­Փեն, ­Լո­ւի Ա­լիօ, ­Ժան ­Լիւք ­Շաֆ­հաու­զըր եւ այլք: «Այդ ոճ­րա­գոր­ծու­թեան 100րդ ­տա­րե­լի­ցէն քա­նի մը ա­միս ա­ռաջ նման նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը, կար­ծես, պէտք է դրա­կան ար­ձա­գան­գի ար­ժա­նա­նար Եւ­րո­պա­յի հայ հա­մայն­քին մէջ, ե­թէ չըլ­լար «բայ­ցը»,- կը գրէ RFIը:

«­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րը չեն պատ­կա­նիր ոչ մե­զի, ոչ ալ ո­րե­ւէ քա­ղա­քա­կան ու­ժի: ­Մենք չենք կրնար ոե­ւէ մէ­կը զրկել այդ ուղ­ղու­թեամբ գոր­ծե­լու ի­րա­ւուն­քէն: Ինչ կը վե­րա­բե­րի մեր կազ­մա­կեր­պու­թեան, մենք փոր­ձած ենք ը­նել այն­պէս, որ ոչ մէկ քա­ղա­քա­կան ուժ կա­րե­նայ իւ­րաց­նել զո­հե­րու ա­նու­նէն խօ­սե­լու ի­րա­ւուն­քը: ­Մենք միշտ ջա­նա­ցած ենք նպաս­տել փոխ-զի­ջու­մին Ֆ­րան­սա­յի բո­լոր քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րու մի­ջեւ այս հար­ցով, որ­պէս­զի ան շա­հար­կում­նե­րու ա­ռար­կայ չդառ­նայ»,- ը­սած է ­Թո­րա­նեան:

«Ինչ կը վե­րա­բե­րի ծայ­րա­յեղ ա­ջա­կող­մեան­նե­րուն, ի­րե­րը պէտք է ի­րենց ա­նուն­նե­րով կո­չել այս նա­խա­ձեռ­նու­թեան պա­րա­գա­յին, ա­պա պէտք է յի­շեց­նել, որ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը բռնա­տի­րա­կան գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան ար­դիւնք է, ո­րուն հիմ­քը մար­դոց հան­դէպ խտրա­կա­նու­թիւնն է: Ին­ծի կը թո­ւի, որ առ­նո­ւազն զգու­շա­ւոր պէտք է ըլ­լալ նման նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու պա­րա­գա­յին, յատ­կա­պէս երբ ա­նոնք կը բխին շար­ժում­նե­րէ, ո­րոնք կաս­կա­ծե­լի դիր­քո­րո­շում ու­նին խտրա­կա­նու­թեան հար­ցով»,- ը­սած է ան:

Ինչ­պէս կը գրէ պար­բե­րա­կա­նը, հայ հա­մայն­քի զգու­շա­ւո­րու­թիւ­նը միան­գա­մայն հաս­կ­նա­լի է: ­Բա­ւա­կան է յի­շել, որ դեռ 2012ի ­Յու­նո­ւար 29ին, ­Մա­րին լէ ­Փեն իր նա­խընտ­րա­կան ար­շա­ւի ժա­մա­նակ ե­լոյթ­նե­րէն մէ­կուն մէջ յայ­տա­րա­րեց.- «Ին­ծի կը վրդո­վեց­նէ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չումն ու դա­տա­պար­տու­մը»:

Այն ժա­մա­նակ ան մե­ղադ­րեց գոր­ծող նա­խա­գահ ­Նի­քո­լա ­Սար­քո­զին՝ ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցը քա­ղա­քա­կան նպա­տակ­նե­րով օգ­տա­գոր­ծե­լուն մէջ: «­Յա­նուն ­Ժո­ղովր­դա­կան ­Միու­թեան» պատ­գա­մա­ւոր ­Վա­լե­րի ­Պո­ւա­յէ ներ­կա­յա­ցուց Ա.Ժ. օ­րի­նա­գիծ մը, ո­րով կ­՛ա­ռա­ջար­կո­ւէր քրէա­կա­նաց­նել ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժխտու­մը: ­Խորհր­դա­րա­նը ըն­դու­նեց օ­րէն­քը, սա­կայն ա­ւե­լի ուշ ան մեր­ժո­ւե­ցաւ ­Սահ­մա­նադ­րա­կան ­Դա­տա­րա­նին կող­մէ:

«Ազ­գա­յին ­Ճա­կատ»ի ա­ռաջ­նոր­դը, նա­խա­գա­հու­թեան թեկ­նա­ծու ըլ­լա­լու ժա­մա­նակ, յստակ նա­խան­շեց իր դիր­քո­րո­շու­մը հե­տե­ւեալ խօս­քե­րով.- «­Հար­կա­ւոր է սկիզ­բէն զբա­ղիլ այն հար­ցե­րով, ո­րոնք մե­զի կը վե­րա­բե­րին։ Ֆ­րան­սա­յի խորհր­դա­րա­նը պէտք չէ խառ­նո­ւի հայ-թրքա­կան պատ­մու­թեան»: Ան նշեց, թէ ­Թուր­քիան, որ 2005էն ի վեր Ե.Մ. ան­դա­մակ­ցու­թեան պաշ­տօ­նա­կան թեկ­նա­ծու է, տեղ չու­նի Եւ­րո­պա­յի մէջ: ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մը Ե.Մ.ին ­Թուր­քիոյ ան­դա­մակ­ցու­թեան պայ­ման­նե­րէն մէկն է:

Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նը նա­խա­պէս ար­դէն ըն­դու­նած է հա­մա­պա­տաս­խան բա­նա­ձեւ` 1987ին, ո­րով պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը կոչ ը­րած են ­Թուր­քիոյ ճանչ­նա­լու ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը, իսկ բա­նա­ձե­ւի բնագ­րին մէջ կ­՛ը­սո­ւի, որ ժա­մա­նա­կա­կից ­Թուր­քիան պէտք չէ պա­տաս­խա­նա­տու ըլ­լայ այդ պատ­մա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն հա­մար եւ վեր­ջի­նիս կող­մէ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մը չի յան­գեց­ներ ո­րե­ւէ քա­ղա­քա­կան, ի­րա­ւա­բա­նա­կան կամ նիւ­թա­կան պա­հանջ­նե­րու ներ­կա­յաց­ման:

­Փետ­րո­ւար 12ին Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նի ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մշտա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վը ըն­դու­նեց «­Մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րը եւ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը աշ­խար­հի մէջ» ա­մե­նա­մեայ զե­կոյ­ցը: ­Զե­կոյ­ցը կը պա­րու­նա­կէ ­Հա­յաս­տա­նին վե­րա­բե­րող քա­նի մը պար­բե­րու­թիւն: ­Յատ­կա­պէս կա­րե­ւոր է, որ ի թիւս այլ հար­ցե­րու, ա­նի­կա յստակ մօ­տե­ցում կը ցու­ցա­բե­րէ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րուն եւ ա­նոնց ժխտման նկատ­մամբ: «­Մաս­նա­ւո­րա­պէս, յանձ­նա­ժո­ղո­վի քո­ւէար­կած նոր յա­ւե­լուած­նե­րէն քա­նի մը հա­տը կը վե­րա­բե­րին ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100րդ ­տա­րե­լի­ցին, կը դի­մեն ան­դամ եր­կիր­նե­րուն ըն­դու­նե­լու ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը` կոչ ը­նե­լով ա­նոնց եւ Ե.Մ. հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն սա­տա­րե­լու ա­նոր ճա­նաչ­ման»,- կը բա­ցատ­րէ «­Հա­յաս­տա­նի Եւ­րո­պա­ցի ­Բա­րե­կամ­ներ» կազ­մա­կեր­պու­թեան տնօ­րէն Է­տո­ւար­տօ ­Լո­րեն­զօյ Օ­չոա:

­Յանձ­նա­ժո­ղո­վը յայ­տա­րա­րած է, որ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու ժխտու­մը եւ մարդ­կու­թեան դէմ ուղ­ղո­ւած այլ յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու ժխտու­մը պէտք է դա­տա­պար­տո­ւին, եւ ո­րա­կած է զա­նոնք որ­պէս մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու եւ հիմ­նա­րար ա­զա­տու­թիւն­նե­րու ուղ­ղա­կի խախ­տում: ­Յանձ­նա­ժո­ղո­վը նաեւ ըն­դու­նած է հա­յե­րու, ե­զի­տի­նե­րու եւ տար­բեր ազ­գա­յին փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու հան­դէպ Իս­լա­մա­կան ­Պե­տու­թեան կող­մէ ի­րա­կա­նա­ցո­ւող հա­լա­ծանք­նե­րը ընդգծող յա­ւե­լո­ւած` կոչ ը­նե­լով Ե.Մ.ին եւ ան­դամ պե­տու­թիւն­նե­րուն ե­րաշ­խա­ւո­րե­լու ա­նոնց ա­զա­տու­թիւ­նը: