Տինքի ընտանիքի փաստաբան Հաքան Պաքըրճըօղլուն դիմած է Պոլսոյ Հանրապետական Դատախազութիւն` պահանջելով Հրանդի սպանութեան գործով հարցաքննել եւս մէկ պաշտօնեայ: Ինչպէս կը հաղորդէ «»Արմէնփրես»` վկայակոչելով պոլսահայ «Ակօս» պարբերականը, փաստաբանը պահանջած է հարցաքննել սպանութեան կատարման ժամանակ Տրապիզոնի Հետախուզական Բաժնի պետի պաշտօնը զբաղեցուցած Էնկին Տինչը:
Պաքըրճըօղլուի համոզմամբ` Տինչ համապատասխան քայլեր չէ ձեռնարկած յանցագործութիւնը կանխելու նպատակով:
Պոլսոյ «Ակօս» թերթի հայ խմբագրապետ Հրանդ Տինք սպաննուած էր 19 Յունուար 2007ին` խմբագրատան առջեւ կատարուած զինեալ յարձակման հետեւանքով: 17 Յունուար 2012ին, դատարանի որոշումով, Տինքի սպանութեան կազմակերպիչ Եասին Հայալը ցմահ բանտարկութեան դատապարտուեցաւ, յանցագործութիւնը իրականացուցած Օկիւն Սամասթը` 22 տարուան ազատազրկման:
2014 թուականի Հոկտեմբերին Պոլսոյ Ծանր Յանցագործութիւններու Գործերով 5րդ դատարանը որոշում կայացուց Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով դատավարութիւնը սկսիլ զերոյէն:
Այս անգամ բոլոր ամբաստանեալներուն դէմ կ’ուղ-ղուի «յանցաւոր խմբաւորման ստեղծման եւ կառավարման կամ անոր մէջ մասնակցութիւն ունենալու» մեղադրանք: Բացի այդ, Տինքի սպանութեան ժամանակ բարձր պաշտօններ զբաղեցուցած 9 անձեր, որոնց շարքին` Պոլսոյ նախկին ոստիկանապետ Ճալալեթթին Ճերրահի նկատմամբ դատական գործեր յարուցելու համար որոշումներ ընդունուած են: