Ա­ռանց ո­րե­ւէ բա­ցատ­րու­թեան կամ պատ­ճա­ռա­բա­նու­թեան՝ ­Քո­մի­սիոն սա­ռե­ցու­ցած է ատր­պէյ­ճա­նա­կան ՍՈՔԱՐ ըն­կե­րու­թեան կող­մէ յու­նա­կան կա­զի ՏԵՍՖԱ ըն­կե­րու­թեան 66 առ հա­րիւ­րի վա­ճառ­քը, ա­նո­րոշ ձգե­լով յոյն-ա­զե­րիա­կան հա­մա­ձայ­նու­թեան ա­պա­գան։ Ինչ­պէս յայտ­նի դար­ձաւ ­Քո­մի­սիո­նի կայ­քէ­ջին վրայ տե­ղադ­րո­ւած տե­ղե­կա­տո­ւու­թե­նէն, ո­րո­շու­մը տրուած էր ­Յու­նո­ւար 21ին, ­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րու նա­խօ­րեա­կին, բայց հրա­պա­րա­կու­մը ե­ղաւ մի քա­նի օր ա­ռաջ։ Ինչ­պէս նա­խա­պէս ալ անդ­րա­դար­ձած էինք, ­Քո­մի­սիո­նի ո­րո­շու­մը կա­յա­ցած է Մր­ցոյթ­նե­րու Ընդ­հա­նուր Տ­նօ­րէ­նու­թեան զե­կու­ցու­մին վրայ, որ կը քննար­կէր ՏԵՍՖԱի 66 առ հա­րիւ­րի փո­խանց­ման հար­ցը ՍՈՔԱ­Րին, 400 մի­լիոն եւ­րօ գու­մա­րի փո­խա­րէն։ Քն­նու­թիւ­նը պի­տի ամ­բող­ջա­նար 22 Ապ­րի­լին, այ­սու­հան­դերձ, ­Յու­նաս­տա­նի ու­ժա­նիւ­թի նա­խա­րար ­Փա­նաեո­թիս ­Լա­ֆա­զա­նիս, ան­ցեալ շաբ­թու մէջ ­Պա­քու մեկ­նե­լու ժա­մա­նակ, յայտ­նած էր թէ «ՏԵՍՖԱի ճա­կա­տա­գի­րը ուղ­ղա­կիօ­րէն կա­պակ­ցո­ւած է Եւ­րո­պա­կան ­Յանձ­նա­ժո­ղո­վի Մր­ցոյթ­նե­րու Ընդ­հա­նուր Տ­նօ­րէ­նու­թեան զե­կու­ցու­մի հրա­պա­րակ­ման հետ, ուր կը քննո­ւի տո­ւեալ վա­ճառ­քի պա­րա­գան»։

Ի՞նչ կ’ը­սեն ա­զե­րի­նե­րը

Ատր­պէյ­ճա­նա­կան ըն­կե­րու­թեան ընդ­հա­նուր տնօ­րէն ­Ռով­նակ Ապ­տու­լա­յեւ հա­մո­զում յայտ­նած էր թէ ­Քո­մի­սիո­նի ման­րա­մասն հե­տա­զօ­տու­թիւ­նը եր­ջա­նիկ ա­ւարտ պի­տի ու­նե­նար։ Ան շեշ­տած էր թէ «­Քո­մի­սիոն ո­րո­շած է անց­նիլ վա­ճառ­քի քննարկ­ման գոր­ծըն­թա­ցի երկ­րորդ փուլ, ինչ որ սո­վո­րա­կան չէ, բայց խոր­քա­յին հե­տաքննու­թիւն կ’ի­րա­կա­նա­ցո­ւի յա­ճախ՝ պայ­մա­նագ­րե­րու ըն­թաց­քը լա­ւա­գոյնս քննե­լու նպա­տա­կով»։ Ան ընդգ­ծած էր, թէ «ՍՈՔԱՐ կը գնա­հա­տէ ժա­մա­նա­կը եւ աղ­բիւր­նե­րը որ ­Յանձ­նա­ժո­ղո­վը եւ իր ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րը ներդ­րած են այս գոր­ծին մէջ, որ­պէս­զի լրա­նայ գոր­ծըն­թա­ցը։ ­Մենք պի­տի շա­րու­նա­կենք կա­ռու­ցո­ղա­կան աշ­խա­տանք տա­նիլ ­Յանձ­նա­ժո­ղո­վին հետ, որ­քան հնա­րա­ւոր է ա­րագ՝ լրաց­նե­լու հա­մար գոր­ծըն­թա­ցը»։

Ն­շենք, թէ նա­խա­րար ­Լա­ֆա­զա­նի­սի ­Պա­քու այ­ցե­լու­թեան ա­ռի­թով, ՍՈՔԱ­Րի շրջա­նակ­ներ կը պար­զա­բա­նէին թէ կա­զի TAP խո­ղո­վա­կա­շա­րի եւ ՏԵՍՖԱի ծրա­գի­րը թե­րեւս ուղ­ղա­կիօ­րէն կապ չու­նին ի­րա­րու հետ, այ­սու­հան­դերձ՝ մա­սամբ կա­պակ­ցո­ւած են, ո­րով­հե­տեւ ՏԵՍՖԱէն վե­րահս­կուող են­թա­կա­ռու­ցո­ւածք­նե­րը բնո­րոշ են ՍՈՔԱՐի վա­րած քա­ղա­քա­կա­նու­թեան, որ իր ներ­կա­յու­թիւ­նը կ’ու­զէ պար­տադ­րել եւ­րո­պա­կան տա­րածք­նե­րէն ներս։

Ի դէպ, ա­զե­րի­նե­րու կող­մէ ՏԵՍՖԱի ընտ­րու­թիւ­նը, մէկ սկիզ­բէն կը դի­տո­ւէր՝ ­Պալ­քան­ներ եւ ան­կէ Եւ­րո­պա ընդ­արձակուելու մի­ջոց: