Ա­րե­ւե­լեան Ա­մե­րի­կա­յի ­Հայ ­Դա­տի յանձ­նա­խում­բը կը տե­ղե­կաց­նէ, թէ ատր­պէյ­ճա­նա­կան լո­պին ան­գամ մը եւս ձա­խո­ղած է իր քա­րոզ­չա­կան ար­շա­ւին մէջ, երբ ­Նիւ ­Հեմփ­շիր նա­հան­գի ­Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու ­Տու­նը ­Փետ­րո­ւար 11ին

կա­սե­ցու­ցած է ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ա­զա­տու­թեան դէմ ուղ­ղո­ւած՝ հա­կա­հայ քա­րոզ­չու­թիւն կա­տա­րող եւ Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի բռնա­պե­տա­կան կար­գե­րուն կող­մէ ա­ռա­ջար­կո­ւած բա­նա­ձեւ մը: «­­Նիւ ­Հեմփ­շի­րի ­Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու ­Տու­նը ար­դա­րա­ցուց իր «Ա­զատ ապ­րէ կամ մե­ռիր» կար­գա­խօ­սը՝ մեր­ժե­լով են­թարկո­ւիլ Ա­լիե­ւի մի­ջազ­գա­յին հա­կա­քա­րոզ­չա­կան ար­շա­ւին, ո­րուն նպա­տակն է Ար­ցա­խի ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քը ոտ­նա­կո­խել: Ու­րախ ենք, որ ­Նիւ ­Հեմփ­շի­րը միա­ցաւ ­Քո­լո­րա­տո­յին, ­Մի­սի­սի­փիին, ­Հա­րա­ւա­յին ­Տա­քո­թա­յին, ­Թե­նը­սիին, ­Հաո­ւա­յիին եւ Ո­ւա­յո­մին­կին՝ մեր­ժե­լով օ­ժան­դա­կել Ատր­պէյ­ճա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն»,- յայ­տա­րա­րած է Ա­րե­ւե­լեան Ա­մե­րի­կա­յի ­Հայ ­Դա­տի յանձ­նա­խում­բի վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Ս­թի­ւըն ­Մես­րո­պեան: ­Հայ ­Դա­տի յանձ­նա­խում­բը դի­մած էր օ­րէնս­դիր­նե­րուն, որ­պէս­զի մեր­ժեն բա­նա­ձե­ւը, ո­րուն ձա­խո­ղու­թիւ­նը ա­պա­հո­վե­լու աշ­խա­տան­քին մէջ մեծ ջանք տա­րած էր ­Նիւ ­Հեմփ­շիր նա­հան­գի ­Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու ­Տան ան­դամ ­Հե­րի Ա­զա­րեան՝ իր պաշ­տօ­նա­կից­նե­րուն ներ­կա­յաց­նե­լով ­Պա­քո­ւի բռնա­րարք­նե­րը։ ­­Ցա­ւա­լի է, որ ատր­պէյ­ճա­նա­կան վար­չա­կազ­մը հա­յե­րու հան­դէպ ա­տե­լու­թիւն տա­րա­ծե­լու նպա­տա­կով կը շա­րու­նա­կէ իր ա­պա­տե­ղե­կա­տո­ւու­թեան ար­շա­ւը Ա­մե­րի­կա­յի տա­րած­քին՝ պատ­մու­թիւ­նը ա­ղա­ւա­ղե­լով եւ Ար­ցա­խի դէմ իր բռնա­րարք­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թե­նէն խու­սա­փիլ փոր­ձե­լով: ­Մենք շնոր­հա­կալ ենք Ա­րե­ւե­լեան Ա­մե­րի­կա­յի ­Հայ ­Դա­տի յանձ­նա­խում­բի այս շրջա­նին մէջ գոր­ծող խում­բին եւ ­Նիւ ­Հեմփ­շի­րի ողջ հա­յու­թեան, պատ­մա­կան փաս­տե­րը նա­հան­գի օ­րէնս­դիր մար­մի­նին ներ­կա­յաց­նե­լու նպա­տա­կով ա­րագ եւ հա­մա­կարգո­ւած ջան­քեր գոր­ծադ­րել­նուն հա­մար»,- ը­սած է ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու մօտ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թեան մշտա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ­Ռո­պերթ Ա­ւե­տի­սեան: