Թուր­քիոյ ­Հա­յոց ­Պատ­րիար­քա­կան փո­խա­նորդ Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան 21 ­Յու­նո­ւա­րին, ­Պոլ­սաբնակ մա­լա­թիա­ցի­նե­րու հայ­րե­նակ­ցա­կան միու­թեան Բ. ա­տե­նա­պետ ­Սար­գիս ­Չիզ­մէ­ճիի եւ ան­դամ­նե­րէն ­Գէորգ Էօզ­գա­րա­կէօ­զի ու ­Սեր­տար ­Պո­յա­ճըի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ, այ­ցե­լած է ­Մա­լա­

թիա: Ա­րամ Սր­բա­զան յա­տուկ այ­ցե­լու­թիւն մըն ալ տո­ւած է քա­ղա­քի կու­սա­կալ ­Սիւ­լէյ­ման ­Քամ­չըի:

 

­Ճար­տա­րա­պետ ­Գէորգ Էօզ­գա­րա­կէօզ կը տե­ղե­կաց­նէ, թէ յա­ռա­ջի­կայ ­Յու­նիս ամ­սո­ւան մէջ կը սկսի քա­ղա­քի «­­Թաշ­խո­րան» ա­նու­նով ծա­նօթ ­Սուրբ Եր­րոր­դու­թիւն ե­կե­ղեց­ւոյ վե­րա­շի­նու­թիւ­նը: ­Պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը ­Մա­լա­թիա կե­ցու­թեան շրջա­նին այ­ցե­լած էր նաեւ քա­ղա­քի «­­Վենք» կոչուած մա­տու­ռը, ուր ար­դէն կը շա­րու­նա­կուէին գրե­թէ ա­ւար­տին հա­սած վե­րա­նո­րոգ­ման աշ­խա­տանք­նե­րը:

Սր­բա­զա­նը եւ իր ըն­կե­րա­կից­նե­րը հո­գե­հան­գիս­տի կարգ կա­տա­րած են ­Մա­լա­թիոյ հա­յոց գե­րեզ­մա­նա­տան նո­րա­կա­ռոյց մատ­րան մէջ:

Այս ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ գտնուած է, մա­լա­թիա­ցի սա­կա­ւա­թիւ հա­յե­րու կող­քին, Է­լա­զը­ղէն ժա­մա­նած հա­յե­րու 15 հո­գի­նոց խումբ մը:

­Վե­րա­նո­րոգ­ման ծախ­սե­րը պի­տի ա­պա­հո­վո­ւին ­Մա­լա­թիոյ կու­սա­կա­լու­թեան կող­մէ: ­Վե­րա­շի­նու­թեան նա­խա­գի­ծը պի­տի պատ­րաս­տեն ­Գէորգ Էօզ­գա­րա­կէօզ եւ ­Կար­պիս Է­վեա­փան: