Քաղաքի նորակառոյց գրադարանը պիտի կրէ աշխարհահռչակ գրագէտին անունը
Պատմաբան Արա Սարաֆեանի առաջարկով Սարոյեան ընտանիքին նախապէս բնակած փողոցը վերակոչուած էր «Ուի
լիըմ Սարոյեան փողոց»։ Իսկ այժմ Պիթլիսի քաղաքապետութիւնը որոշած է քաղաքի նորակառոյց գրադարանը եւս անուանակոչել աշխարհահռչակ գրագէտին անունով։
Պիթլիսի մէջ գրադարան մը հիմնելու գաղափարը յղացած էր լրագրող Ահմէտ Թուլկար։ Արդարեւ, Թուլկար Պիթլիսի մէջ Սարոյեանի անունը կրող գրադարանի մը բացման ոդիսականը պատմեց «Ակօս»ին։ «Երիտասարդ տարիքէս սկսեալ հաճոյքով կը կարդայի Սարոյեանի գործերը։ Ընկերոջս՝ Իսհակ Գարագաշի հետ միասնաբար կը հրատարակենք շաբաթաթերթ մը։ Առաջին անգամ երբ լսեցինք Պիթլիսի մէջ փողոցի մը Սարոյեանի անունով յիշատակումը, մենք ալ մտածեցինք այդ փողոցին վրայ գրադարանի մը ստեղծման մասին։ Մեր այս ցանկութիւնը բաժնեցինք Պիթլիսի քաղաքապետութեան համանախագահ Հիւսէյին Օլանի հետ։ Ան ալ որդեգրեց գաղափարը եւ թելադրեց, որ անցեալին Սարոյեաններուն բնակած տունը վերանորոգութենէ ետք օգտագործուի իբրեւ գրադարան։ Անշուշտ այս նախաձեռնութիւնը որոշ գումարի մը կը կարօտի եւ մինչեւ որ այդ գումարը գոյանայ, գրադարանը պիտի գործէ ուրիշ վայրի մը մէջ, որ պիտի ճշդուի քաղաքապետարանին կողմէ»։ Թուլկար կը յայտնէ, թէ այժմ դրամահաւաք կը կատարուի, որմէ ետք Սարոյեանի կողքին այլ հայ հեղինակներու գործերն ալ ընդգրկող գրադարանը պիտի սկսի ծառայել քաղաքի ընթերցասէրներուն եւ կը շարունակէ,- «Նշեմ, որ այս մասին մեծ պահանջք կայ։ Սարոյեանի գիրքերը հրատարակուած են զանազան լեզուներով։ Մենք պիտի ուզենք որ այդ գիրքերէն օրինակներ ալ գտնուին այս նորահաստատ գրադարանին մէջ։ Բացի այդ բոլորէն, գրադարանը ձեւով մը թանգարանի բնոյթ ալ պիտի ունենայ, ուր պիտի ցուցադրուին նաեւ Սարոյեանի գիրքերուն կից այս մեծ հեղինակի ընտանիքէն մնացած նմոյշներ։ Գրադարանին մէջ տեղ պիտի գտնեն նաեւ հայ գրականութեան պատմութեան եւ մանաւանդ Պիթլիսի պատմութեան ձօնուած գիրքեր։ Կ՚ուզենք նաեւ որ ցեղասպանութեան նիւթով ալ բաժին մը ըլլայ, որուն միջոցաւ կարելի ըլլայ տեղեկանալ, թէ Պիթլիս եւ շրջակայքին մէջ ի՛նչեր ապրուեցան։ Մեր առջեւ վառ օրինակ մը կը մնայ Տիյարպէքիրի քաղաքապետարանի աշխատութիւնները։ Այդ աշխատութեան շնորհիւ Տիյարպէքիրի հայերը այսօր հպարտութիւն կը զգան քաղաքի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ վերաշինութեամբ։ Մենք ալ կը փափաքինք այդ նոյն ոգեւորութիւնը ստեղծել Պիթլիսի մէջ»։