Հարաւային Իտալիոյ քաղաքներէն Պարիի մէջ կայ գիւղ մը, որ 1926էն ի վեր իր գոյութիւնը կը շարունակէ։ Այդ գիւղին առաջին բնակիչները անոնք էին, որոնք 1919ին խոյս տալով Օսմանեան Կայսրութենէն, որուն համար իրենք թշնամի նկա տուած էին, եկան եւ հաստատուեցան Պարի քաղաքը, ուր գտան զիրենք հալածողներուն դէմ պաշտպանութիւն եւ պատսպարութիւն։
Հայերու մասին է մեր խօսքը. ազգ մը՝ որ հազիւ 1991ին կրցաւ տիրանալ իր անկախութեան, բայց դարեր շարունակ ապրեցաւ պատմութիւն մը, որ լեցուն է ցեղասպանութիւններով ու սարսափի պատահարներով։
Հարիւր տարիներ առաջ Պարի քաղաքը անոնցմէ քանի մը տասնեակի համար փրկութեան վայր եղաւ։ Աքսորեալներու առաջին խումբը ապաստան գտաւ բուրդի գործարանին մօտ գտնուող շէնքի մը մէջ, բայց աւելի ետք՝ 1924 թուականին իրենց տրամադրուեցաւ հողամաս մը այժմու «Վիա Ամենտոլա» փողոցին վրայ։ Հոն է, որ հայերը կազմեցին «Նոր Արաքս» գիւղը եւ, քանի մը տասնեակ տարիներ անցած ըլլալով հանդերձ, անոնցմէ ոմանք տակաւին հոն կը բնակին։
Աւելի յետոյ այդ հողամասին վրայ պետութեան հրամանով կառուցուեցան ինը փայտէ տնակներ, որոնք օգտագործուեցան որպէս բնակարան եւ պատսպարան։ Անոնց մուտքի պատէն տակաւին առկախ կը մնայ ժամանակին զետեղուած ցուցատախտակը, որուն վրայ Հռոմէական թուանշաններով գրուած է Նոր Արաքս գիւղի հիմնադրման թուականը «MCMXXVI», որ կը համապատասխանէ 1926 թուականին։ Իսկ գիւղի կեդրոնին մէջ կառուցուած էին փայտաշէն տուներ, որոնցմէ միայն չորսը կրցած է կանգուն մնալ եւ գոյատեւել մինչեւ այսօր։
Գիւղը ունէր իրեն յատուկ ջուրի աղբիւր։ Տուներուն մօտ կը գտնուէին երկու քարաշէն շէնքեր, որոնցմէ մէկը մատուռ մըն էր, ուր գիւղի հայ համայնքը աղօթելու համար կը հաւաքուէր Կիրակիները եւ տօնական օրերը։ Իսկ երկրորդ շէնքը համբաւաւոր բանաստեղծ Հրանդ Նազարեանի բնակարանն էր։ Կ’ըսուի, թէ յիշեալ բանաստեղծը ինքն էր առաջին այն հայը, որ հաստատուեցաւ Պարի քաղաքին մէջ, 1913ին:
Այսօր Վիա Ամենտօլայի մէջ կը բնակին 15 հայեր, որոնցմէ չորսը տարեցներ են, իսկ մնացեալները անոնց զաւակներն ու թոռները։ Գիւղի բնակիչները հայեր են, բայց հոն իրենց հետ կը բնակին նաեւ քանի մը մայրապետներ, որոնք ժամանակին Հրանդ Նազարեանցի հրաւէրով, գիւղի երեխաները դաստիարակելու նպատակով, եկած ու հաստատուած էին իրենց գիւղը։
Մայրապետներուն տունը կը գտնուէր աքսորեալներու տուներուն մօտը, որոնց կողքին աւելի ետք շինուեցաւ քարակերտ շէնք մը, որ երկար տարիներ ծառայեց իբրեւ մանկապարտէզ։ «Հրանդ Նազարեանց» Մշակութային Կեդրոնի պատուոյ նախագահ Ռուբէն Թիմուրեան կը պատմէ, որ նախկին համայնքային կեանքը շատ պարզ էր իրենց համար։ Աքսորեալներուն մէջ կը տիրէր զօրաւոր համագործակցութեան զգացում, իսկ տարիքոտները ընդունուած էին իբրեւ գիւղին հոգեւոր պետերը։ «Մեծ հաճոյքով ու կարօտով տակաւին կը յիշեմ Սուրբ Ծննդեան տօնի օրերը»,- մեզի կը պատմէ Թիմուրեան։ «Նախ 25 Դեկտեմբերին կը տօնէինք կաթողիկէներունը, իսկ 6 Յունուարին առաքելականներունը, երկու տօնակատարութեանց ժամանակ ալ նուէրներ կը փոխանակէինք իրարու հետ։ Զատիկն ալ նոյնպէս յատուկ օր մըն էր բոլորիս համար։ Այդ օր, ըստ արեւելեան աւանդութեան, հաւկիթները կարմիր կը ներկուէին»։
Պրն. Թիմուրեան նաեւ կը պատմէ, թէ հայ համայնքը մասնաւորապէս կը զբաղէր գորգի արտադրութեամբ։ Անոնցմէ շատեր Անատոլուի ծագում ունէին, որ գորգի արտադրութեան հայրենիքն է.- «Հայերը իրենց այս ճարտարութիւնը տարածած են աշխարհիս վրայ, ամէն կողմ։ Իմ հայրս ալ նոյնը ըրաւ։ Գորգավաճառութիւնը հետզհետէ ընտանիքիս համար առեւտրականութեան հիմք դարձաւ։ Այդ գործարանը ապագային Արեւմուտքի ամենակարեւոր գորգի գործարաններէն մէկը եղաւ»։ Իսկ «Հրանդ Նազարեանց» Մշակութային Կեդրոնի քարտուղար Քարլօ Քօփփօլա կ’աւելցնէ, թէ այդ գործարանին մէջ արտադրուած գորգերէն ոմանք ղրկուած են Հռոմի Պապ Փիօ Ժ.Ա.ին, Մոնթէնէկրոյի թագուհիին եւ յայտնի իտալացի գրող Լուիճի Փիրանտէլլոյին։
Գիւղը տարիներու ընթացքին հետզհետէ պարպուեցաւ իր բնակիչներէն. ոմանք փոխադրուեցան Հիւսիսային Իտալիոյ քաղաքները, ոմանք ալ արտասահման գաղթեցին։ Բայց Նոր Արաքս գիւղը տակաւին հոն է, պահպանուած իր այն բնակիչներուն կողմէ, որոնք մինչեւ այսօր ապրեցան իր երդիքին տակ եւ կը շարունակեն ապրիլ։ Այս մասին Կայանիկ Ատաճեան մեզի հետեւեալ խօսքերով կը փոխանցէ իր զգացումները.- «Զիս կը նկատեմ որպէս այս գիւղին պահպանը։ Գիւղը դեռ իր մէջ կը պարունակէ հոսկէ անցնողներուն կորովն ու զօրութիւնը։ Այստեղ սրբավայր մըն է, որուն յիշատակը հարկ է պահպանել եւ փոխանցել ապագայ հայ սերունդներուն»։
Հրատարակուած www.barinedita.it կայքէջին վրայ:
Գրեց՝ Իլարիա Միլէլլա
Թարգմանեց՝ Օշին Էլակէօզ -Մարմարա