Հայոց Ցեղասպանութեան ծանր հետեւանքները ներկայացնող «Մեր Աթլանթիսը» վաւերագրական շարժանկարը ընդգրկուած է Պոլսոյ անկախ շարժանկարի 14րդ միջազգային փառատօնի հիմնական ծրագրին մէջ:
Ըստ «Արմէնփրես»ի՝ շարժանկարի բեմադրիչ Արթուր Սուքիասեան նշած է, որ ան ներառուած է փառատօնի «Տուն» ծրագրին մէջ: «Ֆիլմը պիտի ցուցադրուի Սթամպուլի մէջ: Շարժանկարի փառատօնի ծիրէն ներս Փետրուար 22ին տեղի պիտի ունենայ Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին նուիրուած յատուկ ծրագիր, ուր հայ եւ թուրք բեմադրիչներ շարժանկարի միջոցով պիտի խօսին անձնական պատմութիւններն ու կնճռոտ հարցերը վեր հանելու մասին:
Այս նախաձեռնութեան պիտի մասնակցիմ նաեւ ես՝ թուրք ռեժիսոր Տեվրիմ Աքայայի հետ: Ես պիտի խօսիմ իմ «Մեր Աթլանթիսը», իսկ Տեվրիմը իր` «Տիար» վաւերագրական շարժանկարին մասին: Շարժանկարը բեմադրիչին հայ պապիկին մասին է, որ կը վերագտնէ իր ընտանիքին պատմութիւնը: Ձեռնարկին պիտի մասնակցի նաեւ Արսինէ Խանջեան: Փառատօնը այս տարի տեղի պիտի ունենայ Փետրուար 12-22»,- նշած է բեմադրիչը:
Արթուր Սուքիասեան կ՛աւելցնէ, որ «Մեր Աթլանթիսը» շարժանկարը պիտի ներկայացուի նաեւ Նէոնի հեղինակաւոր «Visions du Reel» միջազգային շարժանկարի փառատօնի շուկային մէջ, որ տեղի պիտի ունենայ Ապրիլ 17-25, Զուիցերիոյ Նէոն քաղաքին մէջ: «Մեր Աթլանթիսը» անունը կրող վաւերագրական շարժանկարը Հայաստանի, Ֆրանսայի եւ Թուրքիոյ համատեղ արտադրութիւն է: Շարժանկարը Պոլսոյ հայկական ճամբարի մասին է, որ կառուցած էին որբերը 1960ական թուականներուն, ապա խլուած է թրքական իշխանութիւններուն կողմէ: Ասիկա ճամբորդութիւն է ճամբարի անցեալի եւ ներկայի միջեւ, որ ցոյց կու տայ, թէ ինչպէս երեք տասնամեակ անց ճամբարի սաները կը փորձեն չկորսնցնել անոր մասին իրենց յիշողութիւնները:
Երբ շարժանկարին մէջ կը ներկայացուին գլխաւոր հերոսի անձնական պատմութիւնները եւ յուշերը ճամբարի մասին, մէկ այլ` աւելի մեծ պատմութիւն կը սկսի բացայայտուիլ:
Շարժանկարը Հայոց Ցեղասպանութեան մասին չէ, սակայն կը ներկայացնէ այդ ողբերգութեան հետեւանքները: Անոր ստեղծման աջակցած են Ֆրանսայի Շարժանկարի կեդրոնը, հայ-թրքական Շարժանկարի Յայտագիրը, Հայաստանի ազգային Շարժանկարի կենդրոնը եւ Հրանտ Տինքի անուան հիմնադրամը: Նկարահանումները կատարուած են Հայաստանի եւ Թուրքիոյ մէջ:
«Մեր Աթլանթիսը» անուանումը Հրանդ Տինքի յօդուածէն վերցուած է. «Ակօս» շաբաթաթերթին մէջ ան մեծ յօդուած մը գրած էր Հայկական Հարցին հետ կապուած, անդրադարձած՝ Պոլսոյ ճամբարին եւ ըսած էր. «Ճամբարը մեր տունն էր, մեր ամէն ինչը, մեր Աթլանթիսը»: Ես ոգեշնչուեցայ այդ խօսքերէն: Այդ տարածքին, Թուրքիոյ մէջ փոքրիկ հայկական քաղաքակրթութիւն մը եղած է, եւ հայերը զերոյէն ամէն ինչ ստեղծած են եւ՝ ապրած»,- ըսած է Արթուր Սուքիասեան: