­Ա­մե­րի­կեան ազ­դե­ցիկ «­Նիւ Եորք ­Թայմզ» օ­րա­թեր­թը, իր 7 ­Հոկ­տեմ­բեր 1915ի թի­ւին մէջ «800.000 հա­յեր սպան­նո­ւած են» խո­րա­գի­րով տե­ղե­կա­տո­ւու­թեան մէջ, կը գրէ.- Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու մէջ Բ­րի­տա­նիոյ նախ­կին դես­պան ­Ճէյմս Պ­րայս այ­սօր (6 ­Հոկ­տեմ­բեր 1915ին) ­Լոր­տե­րու պա­լա­տին մէջ ը­սաւ, որ տար­բեր կող­մե­րէ ի­րեն հա­սած է այն տե­ղե­կու­թիւ­նը, ո­րուն հա­մա­ձայն՝ ­Փոքր Ա­սիոյ մէջ ­Մա­յի­սէն ի վեր սպան­նո­ւած հա­յե­րուն թի­ւը 800.000 է, ինչ որ հա­ւա­նա­կան թիւ մըն է։ Ան յայ­տա­րա­րեց, որ գրե­թէ ամ­բողջ ազ­գը բնաջն­ջո­ւած է եւ ան­հա­ւա­նա­կան նկա­տեց, որ պատ­մու­թեան մէջ «այս­քան սոս­կա­լի եւ լայ­նա­ծա­ւալ» ո­ճի­րի պա­րա­գայ մը ե­ղած է։

«­Լորտ Պ­րայս յայտ­նեց.- «Այս մար­դոց մա­հը հե­տե­ւանք է ներ­կա­յիս թրքա­կան պե­տու­թիւ­նը ղե­կա­վա­րող ա­ւա­զա­կա­խում­բի մը դի­տա­ւո­րեալ եւ կան­խամ­տա­ծո­ւած քա­ղա­քա­կա­նու­թեան։ Ա­մէն ան­գամ ջար­դե­րուն հրա­մա­նը ­Պո­լի­սէն ե­կաւ։ ­Կարգ մը պա­րա­գա­նե­րու, շրջան­նե­րու կա­ռա­վա­րիչ­նե­րը, մար­դա­սէր, բա­րե­պաշտ մար­դիկ ըլ­լալ­նուն հա­մար, մեր­ժե­ցին հրա­ման­նե­րը գոր­ծադ­րել եւ առ­նո­ւազն եր­կու կա­ռա­վա­րիչ­ներ այդ պատ­ճա­ռով ա­ռանց այ­լե­ւայ­լի պաշ­տօ­նէ վտա­րո­ւե­ցան։

«­Սո­վո­րա­կան գոր­ծե­լաո­ճը քա­ղա­քի մը ամ­բողջ բնակ­չու­թիւ­նը հա­ւա­քելն էր։ ­Ժո­ղո­վուր­դին մէկ մա­սը բանտ կը նե­տո­ւէր եւ մնա­ցեա­լը կը քա­լէր քա­ղա­քէն դուրս, իսկ ա­րո­ւար­ձան­նե­րուն մէջ այր մար­դի­կը կի­նե­րէն ու մա­նուկ­նե­րէն կ­՚ան­ջա­տէին։ ­Կի­ներն ու մա­նուկ­նե­րը ստոր տե­սա­կի զի­նո­ւոր­նե­րու հսկո­ղու­թեան տակ կը դրուէին եւ հե­ռա­ւոր վայր մը կ­՚ու­ղար­կո­ւէին։

«­Զի­նո­ւոր­նե­րը զա­նոնք օ­րե­րով յա­ռաջ կը մղէին։

Ա­նոնց­մէ շա­տեր ճամ­բան ին­կան եւ շա­տեր սո­վի պատ­ճա­ռով մա­հա­ցան, ո­րով­հե­տեւ ա­նոնց սննդե­ղէն չէր տրա­մադ­րո­ւեր։ Ա­նոնց բո­լոր ու­նե­ցո­ւածք­նե­րը յափշտակո­ւե­ցան եւ շատ պա­րա­գա­նե­րու կի­նե­րը մեր­կա­ցո­ւե­ցան եւ այդ վի­ճա­կով շա­րու­նա­կե­ցին քա­լել։ ­Բազ­մա­թիւ կի­ներ խեն­թա­ցան եւ ի­րենց զա­ւակ­նե­րը լքե­ցին։ ­Դիակ­նե­րու շար­քը կը նշէր կա­րա­ւա­նի ըն­թա­ցած ճամ­բան։ ­Հա­մե­մա­տա­բար քի­չեր հա­սան ո­րո­շեալ վայ­րը։

«Տ­րա­պի­զո­նի մէջ սպան­դին ի­րո­ղու­թեան մա­սին կը վկա­յէ Ի­տա­լիոյ հիւ­պա­տո­սը։ Տ­րա­պի­զո­նի մէջ բո­լոր հայ քրիս­տո­նեա­նե­րը սպան­նե­լու հրա­ման­ներ հա­սան։ ­Բազ­մա­թիւ իս­լամ­ներ փոր­ձե­ցին փրկել ի­րենց քրիս­տո­նեայ բա­րե­կամ­նե­րը, սա­կայն իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը մնա­ցին անդր­դո­ւե­լի եւ բո­լոր քրիս­տո­նեա­նե­րը հե­տապնդե­ցին եւ զա­նոնք ծո­վե­զերք մղե­ցին։ Ա­պա՝ զա­նոնք դրին ա­ռա­գաս­տա­նա­ւե­րու մէջ, ծո­վուն բա­ցե­րը ո­րոշ հե­ռա­ւո­րու­թեան տա­րին եւ նա­ւե­րէն վար նե­տե­ցին։ 10.000 հա­շո­ւող ամ­բողջ հայ բնակ­չու­թիւ­նը այս­պի­սով մէկ կէ­սօ­րո­ւան մէջ բնաջն­ջո­ւե­ցաւ»։ ­Լորտ ­Մէ­յըր ­Ման­շըն ­Հաու­զի մէջ 15 ­Հոկ­տեմ­բե­րին հան­դի­պու­մի մը ըն­թաց­քին ազ­դան­շա­նը պի­տի տայ հայ գաղ­թա­կան­նե­րու օ­ժան­դա­կու­թեան ֆոն­տի մը։ ­Խօսք առ­նող­նե­րու շար­քին պի­տի ըլ­լան ­Լորտ Պ­րայ­սը, ­Պուռն կար­տի­նա­լը եւ ­Թի.­Փի. Օ’­Քա­նը­րը: