­Պոլ­սոյ ­Շիշ­լի թա­ղա­մա­սը գտնո­ւող եւ 700 մի­լիոն թրքա­կան լի­րա ար­ժող պատ­մա­կան հայ­կա­կան գե­րեզ­մա­նա­տան սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քը՝ 80 տա­րի ետք, վե­րա­դար­ձո­ւած է ­Պէ­յօղ­լո­ւի Ե­րեք ­Խո­րան ե­կե­ղեց­ւոյ հիմ­նադ­րա­մին:

 

Ըստ թրքա­կան «­Վա­թան» թեր­թին՝ 41,950 քա­ռա­կու­սի մեթր տա­րածք ու­նե­ցող հայ­կա­կան գե­րեզ­մա­նա­տու­նը յանձ­նո­ւած է հայ հա­մայն­քի ա­մե­նա­հա­րուստ հիմ­նադ­րա­մին, որ տա­րած­քին վե­րա­տի­րա­նա­լու նպա­տա­կով, 2011ին դի­մած էր ­Թուր­քիոյ ­Հիմ­նադ­րամ­նե­րու ընդ­հա­նուր խոր­հուր­դին:

Ե­րեք ­Խո­րան ե­կե­ղեց­ւոյ հիմ­նադ­րա­մի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ փաս­տա­բան ­Սի­մոն ­Չե­քեմ այս առ­թիւ նշած է, որ ար­դէն իսկ ստա­ցած է սե­փա­կա­նու­թեան վկա­յա­կա­նը: ­Փաս­տա­բա­նը տե­ղե­կա­ցու­ցած է նաեւ, որ 1830ին Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան կող­մէ հա­յե­րուն տրա­մադ­րո­ւած տա­րած­քը, ա­ռա­ջին իսկ օ­րէն որ­պէս գե­րեզ­մա­նա­տուն օգ­տա­գոր­ծո­ւած է: Ա­նի­կա ­Պոլ­սոյ քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նին յանձ­նո­ւած է 1930ին, սա­կայն ան­կէ ետք եւս հա­յե­րը հոն շա­րու­նա­կած են յու­ղար­կա­ւո­րու­թիւն­ներ ի­րա­կա­նաց­նել:
Այդ գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ թա­ղո­ւած են պոլ­սա­հա­յե­րու կեան­քին մէջ կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցած հա­յեր՝ մար­զիկ­ներ, դե­րա­սան­ներ, ա­րո­ւես­տա­գէտ­ներ, ­Պոլ­սոյ հա­յոց պատ­րիարք­նե­րը, նաեւ՝ ­Թուր­քիոյ բա­նա­կին մէջ ծա­ռա­յու­թեան ըն­թաց­քին սպան­նո­ւած հայ զի­նո­ւոր ­Սե­ւակ ­Պա­լըք­ճըն: