Ս­պա­նիոյ ­Պուր­խա­սոթ քա­ղա­քի քա­ղա­քա­պե­տա­կան խոր­հուր­դը ­Յու­նո­ւար ամ­սո­ւան նիս­տին ըն­թաց­քին վա­ւե­րա­ցուց «­Քոմփ­րո­միս» կու­սակ­ցու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցած միջ­նոր­դա­գի­րը՝ պաշ­տօ­նա­պէս ճանչ­նա­լու ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­

նու­թիւ­նը եւ դա­տա­պար­տե­լու ա­նոր ըն­թաց­քին կա­տա­րո­ւած մարդ­կու­թեան դէմ յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը:
­Միջ­նոր­դա­գի­րին մէջ նշո­ւած է. «Այս տա­րի կ­՛ամ­բող­ջա­նայ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կը, ցե­ղաս­պա­նու­թիւն մը, որ 20րդ ­դա­րու ա­ռա­ջին ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը կը նկա­տո­ւի: 1915էն 1921 ժա­մա­նա­կա­մի­ջո­ցին, ներ­կա­յի ­Թուր­քիոյ տա­րած­քին մէջ տե­ղի ու­նե­ցան հայ ժո­ղո­վուր­դի զան­գո­ւա­ծա­յին կո­տո­րած­ներ եւ ար­տաք­սում­ներ, յատ­կա­պէս՝ ե­րի­տա­սարդ թուր­քե­րու վար­չա­կար­գին օ­րով. ա­նոնց պատ­ճա­ռով զո­հո­ւե­ցան 1.5 մի­լիոն հա­յեր, իսկ մօ­տա­ւո­րա­պէս 2 մի­լիոն ստի­պո­ւած ե­ղաւ լքե­լու իր բնա­կա­վայ­րը՝ ստեղ­ծե­լով հայ­կա­կան մեծ Ս­փիւռ­քը»:
­Նա­խա­գի­ծը պի­տի փո­խան­ցո­ւի ­Միս­լա­թա­յի «Ա­րա­րատ» ըն­կե­րակ­ցու­թեան, ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րին, ­Քոնկ­րե­սին մէջ ներ­կա­յա­ցո­ւած կու­սակ­ցա­կան խում­բե­րուն, ­Վա­լեն­սիոյ խորհր­դա­րա­նին մէջ ներ­կա­յա­ցո­ւած կու­սակ­ցա­կան խում­բե­րուն, Ս­պա­նիոյ մօտ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան դես­պա­նու­թեան եւ ­Պուր­խա­սո­թի հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն: