Բ­րի­տա­նա­ցի մը հա­մա­ցան­ցի մի­ջո­ցով ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ լու­սան­կա­րի մը բնօ­րի­նա­կը վա­ճա­ռե­լէ ետք վե­րա­դար­ձու­ցած է գու­մա­րը, երբ տե­ղե­կա­ցած է, որ գնոր­դը ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան թան­գա­րան-հիմ­նարկն է:

 

­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան թան­գա­րան-հիմ­նար­կի տնօ­րէն ­Հայկ ­Դե­մո­յեան այս մա­սին գրած է ­Դի­մա­տետ­րի իր է­ջին վրայ:

­Լու­սան­կա­րին մէջ հայ գաղ­թա­կան­ներ են, իսկ միւս ե­րե­սին վրայ գրո­ւած է. «­Պաղ­տա­տը գաղ­թա­կան­նե­րու եւ թրքա­կան կո­տո­րած­նե­րը վե­րապ­րած հա­յե­րու նպաս­տա­մա­տոյ­ցի կեդ­րո­նա­տե­ղին է, ուր յայտ­նո­ւե­լով` ա­նոնց կե­ցու­թիւնն ու սնուն­դը կ­՛ա­պա­հո­վո­ւի բրի­տա­նա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ: ­Թուր­քե­րը ա­նոնց դէմ վատ տրա­մադ­րո­ւած են, քա­նի որ հա­յե­րը քրիս­տո­նեայ են, իսկ ի­րենք` ոչ»:

«­Լու­սան­կա­րը գնե­լէ եւ ա­նոր հա­մար վճա­րե­լէ ետք, ի զար­մանս ին­ծի, վա­ճա­ռո­ղէն ստա­ցայ հե­տե­ւեալ բո­վան­դա­կու­թեամբ նա­մակ մը. «Ես ու­ղար­կե­ցի ձեր կող­մէ գնո­ւած լու­սան­կա­րը: Երբ հաս­ցէն կը գրէի, հասկ­ցայ, թէ ո՛ւր պի­տի հաս­նի ա­նի­կա, ուս­տի ո­րո­շե­ցի վե­րա­դարձ­նել գու­մա­րը: Ես ա­սի­կա կ­՛ը­նեմ` յար­գանք տա­ծե­լով ձեր կո­րուս­տին հան­դէպ եւ ի նշան բա­րե­կա­մու­թեան», գրած է ­Հայկ ­Դե­մո­յեա­նը:

­Դե­մո­յեան յայտ­նած է, որ թան­գա­րա­նին հիմ­նա­կան ֆոն­տե­րը կը հա­մալ­րո­ւին ա­մէ­նօ­րեայ դրու­թեամբ, չկայ օր մը, որ նոր նիւթ ա­ւել­ցած չըլ­լայ, ա­նի­կա կրնայ մէկ ըլ­լալ, կամ տաս­նեակ նիւ­թեր: Վըր­չո­ւըլ ցու­ցադ­րու­թեամբ պի­տի ներ­կա­յա­ցո­ւին տար­բեր ի­րե­րու պատ­մու­թիւն­ներ, նաեւ այն, թէ ինչ­պէ՛ս ա­նոնք հա­սած են թան­գա­րան: