­Գեր­մա­նիոյ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը նշած է. «­Դաշ­նակ­ցա­յին կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան մէջ 1915-1916ին տե­ղի ու­նե­ցած ջարդերու եւ տե­ղա­հա­նու­թեան 100ա­մեա­կի յի­շա­տա­կի ձեռ­նարկ­նե­րուն մաս­նակ­ցե­լու կա­րե­լիու­թիւ­նը աչ­քէ կ­՚ան­ցը­նէ»։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ­Գեր­մա­նիոյ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը նշած է, որ 1915ին տե­ղի ու­նե­ցած ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն վրայ լոյս սփռե­լու հա­մար կեան­քի կո­չո­ւող բո­լոր նախա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րուն կ­՚ար­ձա­գան­գէ:
Ի պա­տաս­խան ­Գեր­մա­նիոյ ­Ձա­խա­կող­մեան կու­սակ­ցու­թեան հար­ցապնդ­ման` ­Գեր­մա­նիոյ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը նշած է. «­Ջար­դե­րու եւ տե­ղա­հա­նու­թիւն­նե­րու բա­ցա­յայ­տու­մը նախ ­Թուր­քիոյ եւ ­Հա­յաս­տա­նի հարցն է։ ­Գեր­մա­նա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը յար­գան­քով կը մօ­տե­նայ թրքա­կան ու հայ­կա­կան կող­մե­րու յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու կար­­գա­­ւոր­ման ուղ­ղո­ւած հա­մար­ձակ քայ­լե­րուն։ Եր­կու կող­մե­րու մեր­ձե­ցումն ու պատ­մա­­բան­նե­րու յանձ­նա­խում­բի ստեղծ­ման ա­ռըն­չու­թեամբ հա­մար­ձա­կու­թիւն ցու­ցա­բե­րե­լը կա­րե­ւոր է»։