«Իսլամական պետութեան» ահաբեկիչները Իրաքի Մուսուլ քաղաքին մէջ հրկիզած են հայկական եկեղեցի մը:
Խօսքը կը վերաբերի Իրաքի հիւսիսի ամենէն հին հայկական եկեղեցիներէն մէկուն, որ կը գտնուի Մուսուլի Վահտա թաղամասին մէջ:
Քիւրտիստանի ժողովրդավարական կուսակցութեան ներկայացուցիչ Սայէտ Մամուզինի՝ լուրը հրապարակած BasNews-ին յայտնած է, թէ «Իսլամական Պետութեան» ապստամբները կը շարունակեն հրկիզել եւ աւերել հանրային վայրեր, սեփական տուներ եւ տաճարներ:
Մամուզանի նշած է, որ հրկիզուած եկեղեցին կը պատկանէր հայ համայնքին, հոն կանոնաւորաբար տեղի կ՚ունենար պատարագ:
Իսլամապաշտները Մուսուլի եւ Իրաքի հիւսիսը իրենց վերահսկողութեան տակ կը պահեն անցեալ ամառէն ի վեր: Ատկէ ետք, շրջանի Հայերը եւ այլ քրիստոնեաներ ստիպուած եղած էին փախչիլ Իրաքեան Քիւրտիստան:
Իսլամապաշտները Իրաքի մէջ հրկիզած են հայկական եկեղեցի մը
- Details
- Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր