Վճիռը պիտի կայացուի 6-8 ամսուայ մէջ

Երէկ Սթրազպուրկի Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Փերինչեք ընդդէմ Զուիցերիա» գործով՝ Զուիցերիոյ բողոքարկման քննութիւնը:
Գերագոյն այս դատական պալատին կողմէ քննարկուեցաւ Զուիցերիոյ կառավարութեան կողմէ 17 Մարտ 2014ին ներկայացուած դիմումը, որու հիմամբ կը խնդրուէր Փերինչեքի գործի քննարկումը: Յիշեցնենք, որ 9 Մարտ 2007-ին զուիցերիական դատարանը երկրին քրէական օրէնսգիրքին 216-րդ յօդուածին հիմամբ դատապարտած էր թուրք ազգայնական Տողու Փերինչեքը՝ զինք նիւթական եւ քրէական պատասխանատուութեան ենթարկելով Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտելուն համար:
Հետագային, Զուիցերիոյ Վօ քանթոնի վերաքննիչ դատարանն ու Դաշնակցային գերագոյն դատարանը մերժած էին դատավճիռին դէմ Փերինչեքի ներկայացուցած բողոքը: 17 Դեկտեմբեր 2013-ին սակայն, Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանը բաւարարած էր Փերինչեքի հայցը:
Հայաստան եւ Թուրքիա գործին մէջ ներգրաւուած էին իբրեւ երրորդ կողմեր:
Շուրջ երկու ժամ տեւած դատավարութեան առաջին նիստին ելոյթ ունեցած է Տողու Փերինչեքը, ապա ըստ կանոնանակարգի՝ Զուիցերիոյ ներկայացուցիչը՝ որպէս պատասխանող կողմ: Փերինչեք մի քանի առիթներով կրկնած է որ չի մերժեր հայերու դէմ սպանութիւնները, բայց կը մերժէ Ցեղասպանութիւն եզրի օգտագործումը:
Հայկական կողմէն հանդէս եկած է Եւրոպական դատարանի մէջ Հայաստանի կառավարութեան լիազօր ներկայացուցիչ Գէորգ Կոստանեանը, ինչպէս եւ Հայաստանի շահերը ՄԻԵԴի մօտ ներկայացնող միջազգային համբաւի երկու փաստաբաններ՝ Ճեֆրի Ռոպերթսոն եւ Ամալ Քլունի:
«Արմէնփրէս» կը հաղորդէ թէ դատավարութեան իրաւաբաններէն Ճեֆրի Ռոպերթսոն շեշտած է, որ ժամանակակից աշխարհը պէտք է ապրի ազատ, առանց խտրականութեան եւ ատելութեան: Ան իր ելոյթին մէջ Թալաաթ փաշան անուանած է թուրք Հիթլըր:
Ամալ Քլունին անդրադարձած է Թուրքիոյ մէջ խօսքի ազատութեան մռայլ վիճակին եւ մարդոց իրաւունքներու խախտումներուն: Քլունին նաեւ անդրադարձած է Հրանդ Տինքի սպանութեան, շեշտելով որ այն թուրք ազգայնականներու գործն էր:
Դատավարութեան ամբողջ ընթացքին ներկայ եղան Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչները, որոնք Ֆէյսպուքի եւ Թուիթըրի միջոցաւ, վայրկեանը վայրկեանին հաղորդեցին իրադարձութիւնը: Դատավարութեան աւարտին յայտարարուեցաւ թէ վճիռը պիտի կայացուի 6-8 ամսուայ մէջ:

Բողոքի ցոյց

Դատավարութեան ամբողջ ընթացքին ներկայ եղան հայ եւ թուրք ցուցարարներ, որոնք կանգնած էին դատարանին դիմաց: Տասնեակ ոստիկաններ եւ ոստիկանական ինքնաշարժներ կը հսկէին ցուցարարներուն: Հայ ցուցարարները պաստառներ պարզած էին «Այլեւս ոչ մէկ 1915» լոզունգով: