Աւստրալիացի դերասան Ռասըլ Քրոյի «Ջուր Որոնողը» ժապաւէնը մեծ աղմուկ բարձրացուցած է հայկական եւ յունական սփիւռքին մէջ: Կալիփոլիի ճակատամարտին մասին պատմող այս ժապաւէնին ծանուցումին մէջ կը պատմուէր, թէ ան
փաստավաւերագրական ֆիլմ մըն է,որ կը պատմէ հայերու եւ յոյներու ցեղասպանութեան մասին: Սակայն ֆիլմի՝ Աւստրալիոյ եւ Թուրքիոյ մէջ Դեկտեմբերին տեղի ունեցած անդրանիկ ներկայացումներէն ետք պարզուած է, որ իրականութեան մէջ հոն խեղաթիւրուած են պատմական փաստերը եւ Ռասըլ Քրօ զանոնք ներկայացուցած է այնպիսի ձեւով, որ իբրեւ թէ թուրքերն են բուն զոհերը:Հայկական եւ յունական սփիւռքը արդէն հազարաւոր նամակներ յղած է զանազան խմբագրութիւններու, ինչպէս նաեւ ֆիլմի արտադրութեան պատասխանատուներուն՝ պահանջելով չցուցադրել պատմական փաստերը խեղաթիւրող թրքամէտ այդ ժապաւէնը:
«Հորիզոն» շաբաթաթերթը կը գրէ, որ այդ ֆիլմը կ՛ոտնահարէ Ցեղասպանութենէն վերապրած հայերու եւ յոյներու սերունդներու զգացումները: Թերթը վերջին երկու շաբաթներուն ընթացքին ստացած է հազարաւոր նամակներ, ուր կը պահանջուի Ցեղասպանութեան ընթացքին դաժանաբար սպաննուած մարդոց անունով միջամտել եւ դատապարտել ֆիլմը: «Եթէ նկարահանէին ժապաւէն մը, ուր Ատոլֆ Հիթլեր ներկայացուէր որպէս հերոս, իսկ հրեաները՝ ահաբեկիչ, բոլորը ջլախտի կը մատնուէին: «Ջուր Որոնողը» ժապաւէնն ալ այդ ձեւով կը խեղաթիւրէ փաստերը եւ կը գօտեպնդէ Թուրքիան՝ անոր թոյլ տալով շարունակել Ցեղասպանութեան ժխտողական քաղաքականութիւնը», ըսուած է այդ նամակներէն մէկուն մէջ, զոր հրատարակած է շաբաթաթերթը:
Խնդրայարոյց ժապաւէնին բեմադրիչը եւ գլխաւոր դերակատարը Ռասըլ Քրօն է, դերասանական կազմը մեծ մասով կը բաղկանայ թուրքերէ, նկարահանումներն ալ ընդհանրապէս կատարուած են Թուրքիոյ մէջ:
Միայն Աւստրալիոյ մէջ ժապաւէնը արդէն 10 միլիոն տոլար եկամուտ ապահոված է:
Առ այժմ, ո՛չ Ռասըլ Քրօ, ոչ ալ շարժապատկերի ընկերութիւնը որեւէ մեկնաբանութիւն կատարած են այս առնչութեամբ: