Ռուբլիի անկումը լուրջ վտանգ կը ներկայացնէ ինը երկիրներու տնտեսութիւններուն համար, որոնք մեծապէս կախեալ են Ռուսիոյ մէջ ապրող իրենց քաղաքացիներու դրամային փոխանցումներէն:
Ինչպէս կը յայտնէ թերթը` վկայակոչելով Համաշխարհային դրամատան տուեալները, այդ երկիրները կրնան 2015 թուականին կորսնցնել աւելի քան 10 միլիառ տոլար: Տնտեսական դժուարութիւններու լոյսի տակ նախկին խորհրդային երկիրներէն շատ ներգաղթեալներ կը մտածեն Ռուսիան լքելու մասին, կը նշէ թերթը:
Բրիտանական թերթը կ՛աւելցնէ, որ այդ երկիրներէն քանի մը հատին մէջ ռուբլիի անկումը կրնայ քաղաքական ճգնաժամ հրահրել:
Տարածաշրջանի տնտեսութիւնները սերտ կապի մէջ են իրարու հետ, եւ ռուսական արժոյթի անկումը կ՛ազդէ Ռուսիոյ հարեւաններու արժոյթին վրայ, կը գրէ The Guardian-ը` նշելով, որ ռուբլիի անկումն արդէն, մասնաւորապէս, բերած է Թուրքմէնիստանի արժոյթի արժէզրկման եւ կրնայ յանգեցնել ղազախական տենգէի հետագայ անկման:
Համաձայն Համաշխարհային դրամատան տեղեկութիւններուն` դրամային փոխանցումներէն կախուած է Հայաստանի տնտեսութեան 21 տոկոսը, Վրաստանի տնտեսութեան 12 տոկոսը, Խրխզիստանի տնտեսութեան 31,5 տոկոսը, Մոլտովայի` 25 տոկոսը, Տաճիկիստանի` 42 տոկոսը, Ուքրանիոյ` 5,5 տոկոսը, Լիթվայի` 4,5 տոկոսը, Ատրպէյճանի` 2,5 տոկոսը, Ուզպէքիստանի` 12 տոկոսը: Այս փոխանցումներուն մեծ մասը կը կազմեն Ռուսիոյ մէջ ապրող ներգաղթեալներու դրամային փոխանցումները: Հայաստանի, Վրաստանի, Մոլտովայի եւ Ուքրանիոյ դրամային փոխանցումներուն մօտ 40 տոկոսը Ռուսիայէն է, այդ թիւը կը հասնի 79 տոկոսի Խրխզիստանի պարագային: