Մարսէյլի մէջ անցնող շաբաթավերջին թաղումը կատարուեցաւ 16ամեայ ֆրանսահայ երիտասարդ Մաքլ Ասատուրեանին:
Nouvelles d' Armenie կը հաղորդէ թէ աւելի քան 3500 մարդ հաւաքուեցաւ սգոյ արարողութեան, բողոքելով ոճրագործութեան
դէպքին դէմ: Սգակիրներու շարքին էին Մարսէյլի քաղաքապետ Ժան Գլոտ Կոտեն, պատգամաւորներ Տիտիէ Փարաքեան եւ Մարթին Վասէլ ու Վալէրի Պուայէն, ծերակուտականներ եւ այլ ֆրանսացի անձնաւորութիւններ:
Ինչպէս ծանօթ է, պատանի Մայքլ Ասատուրեանը կը յաճախէր Մարսյէլի հանրային միջնակարգ դպրոց, ուր 12 Յունուարին սպաննուեցաւ, աղջկայ մը հետ վիճաբանութենէ մը ետք: Կասկածեալները աղջկան երկու եղբայրներն են, 17 եւ 18 տարեկան երկու տղաք, որոնք յարձակեցան Ասատուրեանին դէմ, դաշունահարելով դժբախտ պատանին:
Ինչպէս փաստուեցաւ ֆրանսական ոստիկանութեան կողմէ, երիտասարդ եղբայրներէն կրտսերը՝ բռնութեան դէպքերու եւ գողութեան համար կալանաւորուած էր 2014ին: Ոստիկանութիւնը ձերբակալած է նաեւ աղջնակը:
Ժողովրդային երթի վերածուած հայ պատանիին թաղումը, անցաւ Մարսէյլի կեդրոնական փողոցներէն, խաղաղութեան ի նպաստ կոչեր ուղղելով: Սգակիրները կաւիճով գծեցին հայկական խաչ մը, Մարսէյլի նաւահանգիստին մէջ, ծաղիկներով եւ «Je suis Michael» լոզունգով գրութիւններով շրջապատելով: