Հ.Օ.Մ.-ի կազմակերպած Յաջորդ տարուայ «Youth Connect Program»ը տեղի պիտի ունենայ Նիւ Եորք համլսարանին մէջ Փետրւար 28-Մարտ 1ին: Ներկայ պիտի ըլլայ եւ դասախօսէ Լրագրող-նկարիչ Սքաութ Թիւֆէնքճեանը որ պիտի խօսի «հայ գաղթավայրերը Սփիւռքի մէջ» ծրագրի մասին:
Թիւֆէնքճեան՝ Նիւ Եորքի, Պրուքլին շրջանի մէջ հաստատուած լրագրող-նկարիչ է: Իր գործերը լոյս տեսած են, Newsweek, US News & World Report, Le Monde, Newsday, and The New York Times-ի մէջ: Իր գիրքը՝ (Yes We Can: Barack Obamaÿs History-Making Presidential Campaign in December 2008), նկարներու ընտրանի մըն է, Օպամայի նախագահական ընտրութիւններու մասին:
Ամբողջ 55.000 օրինակ արդէն ծախուած էր գրքի հրատարակութենէն ամիս մը առաջ:
Թիւֆէնքճեանի նկարած Միշէլ Օպամայի եւ Պարաք Օպամայի գրկախառնուած նկարը՝ հրապարակուած Նոյ. 2012-ին ամէնէն շատ սիրուած ու տարածուած նկարն էր դիմատետրի (facebook) եւ դայլայլիչի (tweeter) էջերուն մէջ:
Յայտագրի երկրորդ բաժնի ընթացքին՝ պիտի խօսի Հ.Օ.Մ.-ի «ARS Youth Connect Program» ի պատասխանատու տնօրէն՝ Խաչիկ Մուրատեան: Յաւելեալ խօսողներու անուններ պիտի յայտարարուին հետագային :
Այս տարուայ երկօրեայ ծրագրի թէման է՝ « Հարիւրամեակէն անդին»: