Պոլսոյ հայկական “Ակօս” պարբերականի նախկին գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի մահուան 8-րդ տարելիցին ընդառաջ յիշատակի տարատեսակ ձեռնարկներ պիտի կազմակերպուին աշխարհի տարբեր քաղաքներու մէջ: Ինչպէս կը հաղորդէ “Արմէնփրես”-ը, այս մասին կը տեղեկացնէ “Ակօս” պարբերականը:

Լոնտոնի հայկական ինստիտուտի նախաձեռնութեամբ Յունուար 15-ին “Հայկական տան” մէջ պիտի ցուցադրուին Ումիթ Քըվանճի “Յունուար 19-ին Յունուար 19. Հրանդի համար, արդարութեան համար” եւ Կիւլենկիւլ Ալթընթաշի “Մի կորսուիք, երեխաներ” շարժանկարները:

Ֆրանսական Լիոն քաղաքի “Ալեքս Մանուկեան” մշակութային կեդրոնին մէջ Յունուար 17-ին կը նախատեսուի իրականացնել քննարկում, ուր Քարին Քարաքաշլըն պիտի խօսի վերջին քսան տարուան մէջ Թուրքիոյ մէջ հայկական հարցի վերաբերեալ տեսակէտներու մասին:

Վիեննայի մէջ, Յունուար 18-ին Տինքի յիշատակին պատարագ պիտի մատուցուի եկեղեցւոյ մէջ:

Նոյն օրը Մասաչուսէթսի ճարտարագիտական ինստիտուտի հայկական միութեան (MITAS) եւ Պոսթընի թուրքերուն կողմէ հիմնած “Պոսթընպուլ” կազմակերպութեան ջանքերով պիտի ցուցադրուի ֆիլմ, որ կը պատմէ Տինքի սպանութեան մասին: Ձեռնարկին պիտի խօսի նաեւ Տինքի ընկերներէն Ստեփան Ճինար Գիգիեանը:

Օթթաուայի քաղաքային գրադարանին մէջ Յունուար 18-ին պիտի ցուցադրուի “Կարօտ” ֆիլմը, իսկ Թորոնթոյի մէջ նոյն օրը հայկական համայնքային կեդրոնին մէջ պիտի խօսի Տինքի ընտանիքի փաստաբան Ֆեթհիյէ Չեթինը:

Սթամպուլի հայկական կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ Յունուար 18-ին Լոս Անճելըսի մէջ կազմակերպուելիք ձեռնարկին ելոյթ պիտի ունենան Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի քաղաքագիտութեան փրոֆէսոր Ռիչարտ Հրայր Տեքմէճեանը եւ թուրք պատմաբան Թաներ Աքչամը:

Պեռլինի Մաքսիմ Կորքիի անուան թատրոնին մէջ պիտի խօսի Տինքի ուսումնարանի ուսուցիչ Մկրտիչ Մարկոսեանը:

Պրիւքսէլի մէջ Յունուար 21-ին կայանալիք ձեռնարկին ելոյթ պիտի ունենան Տինքի այրին` Ռաքէլ Տինքը, քաղաքացիական ազատութիւններու կոմիտէի ղեկավար Փոլ Մօրաեսը, ինչպէս նաեւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան եւրոպական գրասենեակի նախագահ Ալեքսիս Կէոճեանը:

Փարիզի մէջ բնակող թուրքերու L’ACORT կազմակերպութեան աջակցութեամբ կազմակերպուելիք ձեռնարկին պիտի խօսեն Լեւենթ Շէնսեւերը, Արիս Նալճըն եւ Զարա Նազարեանը: