ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ, տեղեկատւութեան եւ հանրութեան հետ կապի վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Վենետիկի «Մարչիանա» ազգային գրադարանին մէջ տեղի ունեցած է գերմանացի գրող եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպան Արմին Վէկնէրի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն կատարած լուսանկարներու ցուցահանդէսի պաշտօնական բացման արարողութիւնը:
Արարողութեան ներկայ եղած են Վենետիկի հանրային եւ քաղաքական շրջանակներու, հիւպատոսական անձնակազմի, հայ եւ հրէական համայնքներու ներկայացուցիչներ:
Ցուցահանդէսը, որ կը կրէ «Արմին Թ. Վէկնէր. արդարութիւն Հայերու եւ Հրեաներու համար» խորագիրը եւ կը վայելէ Իտալիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան եւ Իտալիոյ Մշակոյթի նախարարութեան հովանաւորութիւնը, կազմակերպուած է Վենետիկի «Մարչիանա» ազգային գրադարանին եւ Միլանոյի մէջ ՀՀ պատուոյ հիւպատոսութեան կողմէ, գործակցութեամբ՝ գերմանական «Marbach» գրական արխիւային կեդրոնին, Հայկական մշակոյթի ուսումնասիրութեան կեդրոնին, Վենետիկի հրէական համայնքին եւ Իտալիոյ հայերու միութեան:
Ողջոյնի խօսքեր արտասանած են Իտալիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Սարգիս Ղազարեան, Վենետիկի «Մարչիանա» ազգային գրադարանի տնօրէն Մաուրիցիօ Մեսսինա, Միլանոյի մէջ ՀՀ պատուոյ հիւպատոս Փիեթրօ Քուչուկեան:
Դեսպան Ղազարեան իր խօսքին մէջ ընդգծած է Ցեղասպանութեան մասին յիշողութեան պահպանման, ժխտողականութեան դէմ պայքարի եւ ցեղասպանութեան կանխարգիլման կարեւորութիւնը՝ անհրաժեշտ համարելով այդ նպատակով կրթական ծրագիրներու իրագործումը: Ան շեշտած է նաեւ, որ ժխտողականութիւնը ցեղասպանութեան շարունակութիւն է եւ նշած, որ ժխտողականութիւնը եւ այլատեացութիւնը ցեղասպանութեան բաղադրիչներ են, ներկաներուն ուշադրութիւնը հրաւիրելով Ատրպէյճանի կողմէ ի գործ դրուող հայատեաց քաղաքականութեան վրայ:
Օրուան բանախօսները եղած են «GARIWO» հանրային կազմակերպութեան նախագահ Կապրիէլէ Նիսիմ, Վենետիկի հրէական համայնքի ղեկավար Փաօլօ Նաւարա Թինա եւ ցուցահանդէսը համակարգող Աննա-Մարիա Սամուէլի:
Անոնք իրենց ելոյթներուն մէջ շեշտը դրած են ցեղասպանութեան եւ ժխտողականութեան դէմ պայքարի անհրաժեշտութեան վրայ: Վենետիկի հրէական համայնքի ղեկավարը յատկապէս նշած է, որ Հայերն ու Հրեաները այլատեացութեան եւ ժխտողականութեան դէմ պայքարի նոյն ճակատին վրայ են:
Ձեռնարկը լայն արձագանգ գտած է տեղական զանգուածային լրատու միջոցներուն մօտ: Վենետիկի մէջ այս ցուցահանդէսին բացումով սկսած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի իտալական նշումներու շարքը: