Տիարպեքիրի ռազմական դատարանին մէջ տեղի ունեցած է  զինուորական ծառայութեան ընթացքին սպաննուած հայ զինուոր Սեւակ Պալըքճըի գործով դատական հերթական՝ 20-րդ նիստը:

Դատավարութեան ընթացքին որոշում կայացուած է գործը վերանայելու ամենասկիզբէն:

Պալըքճը ընտանիքը կը պահանջէ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրը՝ Ապրիլ 24-ին, Սեւակ Պալըքճըն սպաննած Քըւանչ Աղաօղլուն պատասխանատւութեան ենթարկելու կանխամտածուած սպանութեան համար, իսկ Աղաօղլուն կը պնդէ, որ Սեւակի սպանութիւնը միտումնաւոր չէ եղած:

Դատական նիստին ընթացքին ելոյթ ունեցած է Սեւակ Պալըքճըի հայրը՝ Կարապետ Պալըքճըն, որ պահանջած է ստուգել, թէ համաձայն դատական նիւթերուն մէջ առկայ փաստերուն՝ ով Սեւակին ըսած է. «Թմբլիկս, քեզի կը սպաննեմ, ասիկա քու կերած վերջին քաղցրեղէնն է»:

Նախապէս ապացուցուած էր, որ դատավարութեան ընթացքին վկաներուն մէջ եղած են սուտ ցուցմունք տուողներ, որուն պատճառը եղած են Աղաօղլու ընտանիքին կողմէ ստացած սպառնալիքները: