Charlie Hebdoի դէմ յարձակումէն ետք ի՞նչ կը վախնայ Եւրոպա

Փարիզը վախի եւ ծայրայեղականութեան դէմ պայքարի համաշխարհային մայրաքաղաք դարձաւ, եւրոպական երկիրներու ղեկավարներու մասնակցութեամբ ստեղծուած հակահաբեկչական ճակատով:
Միջազգային քաղաքական աշխարհը կÿանդրադառնայ թէ Միջին Արեւելքի մէջ կիրարկուած քաղաքականութիւնը՝

վտանգաւոր ծայրայեղական ուժեր եւ կորիզներ ազատ արձակած է, որ կրնան հակաեւրոպական կատաղի ատելութեամբ լեցուած միջավայր մը ստեղծել եւ քայքայել Եւրոպայի ընկերային համախմբուածութիւնը:
Փաստերը ցոյց տուին թէ քաղաքագէտները պարտին պաշտպանական վահան մը ստեղծել մամլոյ դաշտին շուրջ, որ այսուհանդերձ՝ ճնշումներու եւ վերահսկողութեան պայքարի առարկայ է: