«Արմինիըն Ուիքլի» կը հաղորդէ, որ Աւստրալիոյ Հայ դատի մարմինին տրամադրուած փաստաթուղթերը կը հաստատեն, որ Թուրքիան կը շարունակէ Հայոց ցեղասպանութեան հարցին մէջ «լռեցնել» Աւստրալիոյ կառավարութիւնը:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախկին նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուին ուղղուած նամակին մէջ Աւստրալիոյ արտաքին գործոց նախարար Ճուլի Պիշըփ կը գրէ. «Հաշուի առնելով երկու երկիրներուն վտանգուած կարեւոր շահերը՝ ես ձեզի կը վստահեցնեմ, որ որեւէ որոշում չկայ, որ պիտի փոխէր այս հարցին շուրջ Աւստրալիոյ կառավարութիւններուն վաղեմի դիրքորոշումը»:
«Արմինիըն Ուիքլի»-ի կայքը կը գրէ, որ Աւստրալիոյ արտաքին գործոց նախարարին նամակը կը հաստատէ Թուրքիոյ կիրարկած «լռեցնելու կանոնը»‘ Հայոց ցեղասպանութեան առնչութեամբ Աւստրալիոյ դիրքորոշումը բնորոշելով «վտանգուած կարեւոր շահերով»:
Կը նշուի նաեւ, որ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած փաստաթուղթերուն մեծ մասը ամբողջութեամբ խմբագրուած եղած է:
Ցեղասպանութեան Հարցին Մէջ Թուրքիոյ Կիրարկած «Լռեցնելու Գործելաոճ»-ը
- Details
- Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր