Ատրպէյճանական trend.az լրատու գործակալութեան համաձայն, Պաքուի մէջ Իսրայէլի դեսպան Ռաֆայէլ Հարփազ յայտարարած է, թէ իր երկիրը չի նախատեսեր ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Մեկնաբանելով Իսրայէլի մէջ վերջերս հնչած այն կոչերը, որոնք երկրին իշխանութիւնները կը հրաւիրեն ճանչնալու Հայոց
Ցեղասպանութիւնը, դեսպանը ըսած է, թէ «Իսրայէլ ժողովրդավարական երկիր է, ամէն մարդ կրնայ ունենալ իր կարծիքը, սակայն կառավարութեան կարծիքը յստակ է” եւ ատիկա յստակօրէն ալ արտայայտուած է Արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպէրմանի կողմէ: Աւելցուցած է, թէ Իսրայէլ երբեք պիտի չճանչնայ եւ ոչ մէկ միտում ունի ճանչնալու «Հայոց կարծեցեալ Ցեղասպանութիւնը»։
Ինչ կը վերաբերի իր երկրին Թուրքիոյ հետ բարդ յարաբերութիւններուն, իսրայէլացի դեսպանը յոյս յայտնած է որ անոնք շուտով կը բարելաւուին: «Բաւականաչափ հասարակաց շահեր եւ մեզ միացնող համաշխարհային նիւթեր ունինք, որոնք մեզ կը մղեն գործակցելու» եզրակացուցած է դեսպանը, աւելցնելով. «Կÿուզեմ տալ Թրքիշ Էռլայնզի օրինակը։ Ան օդային կարեւորագոյն օտար ընկերութիւնն է, որ կը գործէ Իսրայէլի մէջ։ Պոլիսը Իսրայէլացիներուն համար տարանցման կարեւորագոյն կեդրոնն է։ Նոյնն է պարագան զբօսաշրջութեան բարգաւաճող բնագաւառին։ Կը յուսանք, որ Թուրքիոյ հետ մեր յարաբերութիւնները կը բարելաւուին»։