Ֆրանսահայ Կազմակերպութիւնները Համակարգող Խորհուրդն ալ հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, ուր կը դատապարտուի ահաբեկչական զազրելի յարձակումը: Կ’ըսուի, թէ արարքը հարուածած է Ֆրանսայի կարեւորագոյն երկու արժէքները՝ արտայայտութեան ազատութիւնը եւ դիմադրական ոգին:
«CCAF ինք ալ խոցուած կը զգայ բարբարոսական այս արարքով, որ գործուած է համաքաղաքացիներու դէմ, որոնց միակ զէնքը գրիչն էր։ Կ’ողջունէ ըմբոստ եւ պարսաւող ոգին այդ շաբաթաթերթին, որ այսօր այնքա՜ն սուղ կը վճարէ երգիծական եւ հեգնական իր գիծին համար։ CCAF կը ներկայացնէ իր ցաւակցութիւնները ընտանիքներուն եւ վերստին կը հաստատէ իր յանձնառութիւնը՝ աշխարհականութեան եւ ժողովորդավարութեան արժէքներու պաշտպանութեան, որոնց ջահը այնքա՜ն բարձր կը կրէ “Շառլի Հէպտօ”ն» կ’եզրակացուի հաղորդագրութեան մէջ:
«ՇԱՌԼԻ ՀԷՊՏՕ»
ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԼՈՅՍ ՏԵՍՆԵԼ
Հասցուած հարուածին տրուելիք լաւագոյն պատասխանն էր անկասկած: «Շառլի Հէպտօ»ի խմբագրական կազմին մնացորդացը Հինգշաբթի Յունուար 8ին յայտարարեց, թէ երգիծաթերթը հակառակ այս աղէտին պիտի շարունակէ լոյս տեսնել:
Երեւանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան մօտ
ծաղիկներ եւ մատիտներ զետեղեցին
Հայաստանցիները ծաղիկներ եւ մատիտներ զետեղած են Երեւանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութեան շէնքին մօտ՝ ի յիշատակ Չորեքշաբթի օր Փարիզի մէջ «Շարլի Էպտօ» երգիծական շաբաթաթերթին դէմ իրականացուած յարձակման զոհերուն:
Յիշեցնենք, որ Փարիզի կեդրոնական շրջանին մէջ «Շարլի Էպտօ» երգիծական շաբաթաթերթը Չորեքշաբթի ենթարկուած էր յարձակման, որուն պատճառով 12 մարդ զոհ-ւած էր, իսկ 10 ուրիշներ՝ վիրաւորուած:
Թրքական «Լեման» երգիծաթերթը զուգորդ՝
«Շառլի Հէպտօ»ի հետ
«Լեման» թրքական երգիծաթերթ մըն է, որ «Շառլի Հէպտօ»ի նման կանոնաւորաբար հալածանքներու եւ սպառնալիքներու կ’ենթարկուի թրքական քաղաքական եւ պահպանողական շրջանակներու կողմէ: «Լեման» 2002ին արդէն հասարակաց թիւ մը հրատարակած է «Շառլի Հէպտօ»ի հետ: Անոր տնօրէնը Զ. Աքնար, ոճրափորձէն վրդոված հարց կու տայ՝ “Շառլի Հէպտօ զօրակցեցա՞ւ Իրաքի գրաւումին։ Գէթ մէկ անգամ իսկ զօրակցեցա՞ւ Լիպիոյ մէջ ֆրանսական միջամտութեան։ Երբեք եղա՞ծ է պատերազմ մը, որուն զօրակցած է ան”, աւելցնելով, թէ «Շառլի»ի թիրախը 80%էն 90% ֆրանսական իշխանութիւններն էին եւ եթէ իրենք իշխանութիւններուն դէմ «Շառլի»ի գրածները գրած ըլլային, չէին կրնար նոյնիսկ փողոցը քալել: