Կազմակերպութեամբ HART (Humanitarian Aid Relief Trust) հասարակական բարեգործական կազմակերպութեան, գըլխաւորութեամբ պարոնուհի Քերոլայն Քոքսի, Լոնտոնի Ս. Կիպրիան եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Ծննդեան տօնին նուիրուած երգահանդէս, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին չորս երգչախումբեր՝ Թէքէեան հիմնադրամի նորաստեղծ «Կոմիտաս», Ուկանտական «Աքոլի», Ս. Մարթին եկեղեցւոյ եւ Լոնտոնի համալսարանի սենեկային երգչախումբերը:
Ս. Կիպրիան եկեղեցւոյ հովիւ հայր Տէյվիտ ներկայացուց Կոմիտասի կեանքը եւ ստեղծագործութիւնները՝ անդրադառնալով 1915 թուականին Հայոց ցեղասպանութեան դէպքերուն, որոնց ականատեսը ըլլալով՝ Կոմիտաս կորսնցուց իր բանականութիւնը եւ երկարատեւ տառապանքներէն ետք վախճանեցաւ Փարիզի հոգեբուժարանին մէջ:
Երգահանդէսին «Կոմիտաս» երգչախումբը, գեղարուեստական ղեկավար ունենալով Սիփան Յակոբեանը, մեկնաբանեց Կոմիտասի ստեղծագործութիւններէն փունջ մը:
Այնուհետեւ պարոնուհի Քերոլայն Քոքս գնահատեց կատարուած նախաձեռնութիւնը: Ան ներկայացուց թրքական ներկայ կառավարութեան ժխտողական քաղաքականութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ եւ դատապարտեց զայն: Ան անդրադարձաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի անցեալին ու ներկային, պատմական անարդարութիւններուն, հայ ժողովուրդի զրկանքներուն, ներկայ մարտահրաւէրներուն: