Ֆրանսայի Փուատիէ նահանգի Լուսինեան քաղաքին մէջ Դեկտեմբեր 13-ին տեղի ունեցաւ հայոց վերջին թագաւոր Լեւոն V-ի (հայկական պատմագրութեան մէջ կը յիշատակուի նաեւ իբրեւ Լեւոն VI), Ֆրանսայի ազատութեան հանար ինկած մարտիկներու եւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած խաչքարի հանդիսաւոր բացման եւ օծման արարողութիւնը, որուն ներկայ էին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան եւ Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպան Վիգէն Չիթեչեան ինչպէս նաեւ  Ֆրանսայի մէջ յայտնի քաղաքական անձնաւորութիւններ։
Հայկական տուֆէ քանդակուած խաչքարը տեղադրուեցաւ Լուսինեանի քաղաքապետարանի, «Արարատ» ընկերակցութեան, «ֆրանսահայ նախկին ռազմիկներու եւ դիմադիրներու միութեան» եւ Ֆրանսայի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգող յանձնաժողովի համատեղ ջանքերով, իսկ օծման կարգը կատարուեցաւ Նորվան արքեպիսկոպոս Զաքարեանի կողմէ։
Իրենց ողջոյնի խօսքին մէջ Ժան¬Միշէլ Կլեման եւ Քլոտ Պերթոն բարձր գնահատեցին հայ համայնքին դերը Ֆրանսայի կեանքին մէջ, հայ¬ֆրանսական բարեկամութեան ամրապնդման գործին մէջ: Քաղաքապետ Ռենէ Ժիբոն նշեց, որ Լուսինեան հայկական արմատներով ֆրանսական քաղաք է, ուր այցելող հայերը այսուհետ  պէտք է զգան ինչպէս իրենց տան մէջ:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, բարձր գնահատելով եւ խորհրդանշական համարելով խաչքարի տեղադրումը Ցեղասպանութեան 100¬րդ տարելիցի նախաշեմին, նշեց,- «Պահը պատմական է, բարոյական է, քաղաքական է եւ ազգային է: Քաղաքի այցելուին Խաչքարը կը յիշեցնի հինգ կարեւոր փաստ՝ այն, որ հայերը հազարամեակների պատմութիւն ու Կիլիկեան թագաւորութիւն են ունեցել, մեր Կիլիկիայի վերջին թագաւորը Լեւոն V-ն է, ով իր վերջին հանգրուանն է գտել Ֆրանսայում, խաչքարը նուիրուած է նաեւ Ֆրանսայի ազատագրման համար զոհուած հայ մարտիկներին, ովքեր խաղաղութիւն, ազատութիւն պարգեւեցին այս հրաշալի երկրին, այն մարմնաւորում է հայ¬ֆրանսական դարաւոր բարեկամութիւնը եւ, ի վերջոյ, Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերի յիշատակը:
Խաչքարի տեղադրման օժանդակելուն եւ հայապահպանութեան գործին մէջ ունեցած աւանդի համար ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան պատուոգիրներով ու շնորհակալագիրներով պարգեւատրուեցան Անտրէ Վալոտան, Անթուան Պաղտիկեան, Լիտիա Կայմակեան, Դանիէլ Արթինեան, Եր-  ւանդ Պերպերեան եւ Ֆրետերիք Ֆրինգեան:
Նախարարը այցելեց քաղաքի թանգարանին մէջ բացուած «Լուսինեանները եւ Հայաստանը» ցուցահանդէսը։
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ Լեւոն V-ին նուիրուած համաժողով, ուր Քլոտ Մութաֆեան հանդէս եկաւ «Լուսինեանները եւ Հայաստանը 13-14րդ դարերուն» թեմայով զեկուցումով՝ հանգամանալից ներկայացնելով Կիլիկեան Հայաստանի պատմութիւնը: Համաժողովին ելոյթ ունեցաւ նաեւ Հրանոյշ Յակոբեան եւ բանախօսին պարգեւատրեց ՀՀ սփիւռքի նախարարաութեան «Մայրենիի Դեսպան» մետալով:
Նոյն օրը երեկոյեան տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր ընդունելութիւն Լուսինեանի քաղաքապետ Ռենէ Ժիբոյի անունէն, որուն ներկայ էին շուրջ 250 հայեր: Ազգային եւ ժողովրդական պարերու կատարումներով հանդէս եկաւ Փուատիէ քաղաքի հայկական պարախումբը: Նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց Լուսինեանի քաղաքապետին քաղաքի կեդրոնին մէջ հիանալի տարածքի տրամադրման ու օժանդակութեան համար եւ բարձր գնահատելով անոր հայանպաստ գործունէութիւնը՝ պարգեւատրեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Ոսկէ մետալով: Հ. Յակոբեան նաեւ առաջարկեց Լուսինեան քաղաքը քոյրացնել Հայաստանի որեւէ քաղաքի հետ, որ քաղաքապետը ընդունեց մեծ ոգեւորութեամբ:
Կիրակի առաւօտեան նախարար Յակոբեան եւ դեսպան Չիթեչեան այցելեցին քաղաքի Մայր տաճար, որ կառուցուած է 1024թ¬ին Լուսինեան տոհմին կողմէ, ուր հայերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով մատուցուեցաւ սուրբ պատարագ եւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան կարգ՝ ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն, Ֆրանսայի ազատագրման համար ինկած ռազմիկներուն, Արցախի հերոսամարտի ժամանակ զոհուածներուն:
Նախարարը հանդիպումներ ունեցաւ Թուլուզի, Պորտոյի, Փարիզի, Փուատիէի, ինչպէս նաեւ Հոլանտայէն ժամանած հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ. քննարկուեցան համայնքներուն մէջ կատարուած աշխատանքները, ձեռքբերումները եւ ապագայ ընելիքները, բարձրացուեցան նաեւ լուծում պահանջող շարք մը հարցեր, որոնց լուծման համար նախարարը պատրաստակամութիւն յայտնեց օժանդակութիւն կազմակերպել: