Կարեւոր փուլ մը թեւակոխուած է իրաքեան Քիւրտիստանի եւ Պաղտատի կեդրոնական իշխանութիւններու յարաբերութիւններու բնականոնացման առումով:
Անոնք ստորագրած են այնքա՜ն սպասուած եւ նոյնքան կարեւոր համաձայնագիրը, որ կը վերաբերի քարիւղի արտածման հարցին: Փաստաթուղթը ի զօրու պիտի դառնայ 2015ի տարեսկիզբէն: Ըստ նշեալ համաձայնագրին, Քիւրտիստանի ինքնավար շրջանը օրական 250.000 հազար թիթեղ քարիւղ պիտի յատկացնէ երկրին դաշնակցային կառավարութեան, մինչ 300.000 թիթեղ պիտի արտադրուի Քէրքուքի շրջանէն, որ բանավէճին գլխաւոր կռուախնձորը կը հանդիսանայ:
Փոխարէն, Պաղտատ յանձնառու կ'ըլլայ ազգային պիւտճէէն քրտական շրջանային կառավարութեան փոխանցելու անոր համար նախատեսուած բաժինը, որ տարիէ մը ի վեր «սառեցուած» էր, ի մէջ այլոց, քարիւղի արտածումի այս կնճիռին պատճառով: Լարումը գագաթնակէտին հասած էր այս տարուան Յուլիսին, երբ քրտական իշխանութիւնները իրաքեան Քիւրտիստանի անկախութեան հանրաքուէ կազմակերպելու սպառնալիք ըրած էին:
Թուրքիա, որ բաւական սերտ յարաբերութիւններ կը մշակէ Իրաքի քրտական իշխանութիւններուն հետ, անմիջապէս ողջունած է այս համաձայնագիրը: «Մենք այս հաշտութիւնը կÿընկալենք որպէս դրական զարգացում մը, ուժանիւթի միջազգային փոխադրութեան ապահովութեան եւ ուժանիւթի բնագաւառէն ներս Իրաքի հետ մեր գործակցութեան առումով» յայտարարած է Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը: