Շարժանկարի բեմադիր Յարութիւն Խաչատրեանի «Անվերջ փախուստ, յաւերժ վերադարձ» ֆիլմաշարի առաջին՝ «Հայկական փախուստ» շարժանկարը Թորինոյի 33րդ միջազգային փառատօնին արժանացած է «Լաւագոյն վաւերագրական ֆիլմ»ի գլխաւոր մրցանակին:

Բացի մրցանակէն, շարժանկարը ստացած է հինգ հազար եւրօ պարգեւ: «Հայկական փախուստ» շարժանկարի կողքին նոյն մրցումին ներկայացուած են 10 շարժանկարներ ԱՄՆ-էն, Պրազիլէն, Գանատայէն, Գերմանիայէն, Մեծն Բրիտանիայէն, Սինկափուրէն, Պելճիքայէն, Սուրիայէն եւ Հայաստանէն: Միջազգային դատական կազմը կը բաղկանար չեխ վաւերագրող Մառէք Հովորկայէ, գերմանացի բեմադիր Ֆրէտ Քելեմէնէ ու ֆրանսացի քննադատ Ժան-Պաթիսթ Մօրէնէ: