«Փրէնցա Արմէնիա» լրատու գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ հայկական համայնքին կողմէ կազմակերպուած «Պուէնոս-Այրէս կը մեծարէ Հայաստանը» փառատօնին, որ տեղի ունեցած է Շաբաթ, Նոյեմբեր 29ին արժանթինեան մայրաքաղաքին Պելկրանօ շրջանին մէջ, համախմբած է աւելի քան 5.000 հոգի:

Հոն կարելի եղած է գտնել հայկական աւանդական ճաշատեսակներ եւ միանգամայն ծանօթանալ Հայոց պատմութեան ու մշակոյթին: Գործադրուած է գեղարուեստական յայտագիր մըն ալ հայկական երաժշտութեամբ եւ պարերով, ինչպէս նաեւ իր մասնակցութիւնը բերած է Պուէնոս-Այրէսի սիմֆոնիք նուագախումբը:
Պուէնոս-Այրէսի ՀՅԴ-ի անդամներէն Հուկօ Գույումճեան ըսած է, թէ այն արուեստը եւ մշակոյթը, որոնք կը ներկայացուին այսօր, նոյներն են զորս հարիւր տարի առաջ թրքական պետութիւնը փորձեց բնաջնջել 1,5 միլիոն հայութեան հետ: Այդ պատճառով է, որ կազմակերպիչները ներկաներուն բաշխած են փոքր թաղարներու մէջ անմոռուկ ծաղիկը, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի խորհրդանիշն է: