Հայաստանի, Ղարաբաղի եւ Սուրիահայութեան ի նպաստ «Հայաստան» Հիմնադրամի կազմակերպած ֆոնեթոնը, որ Ֆրանսայի մէջ կը հովանաւորուէր Փաթրիք Ֆիորիի եւ Ատրիանա Քարէմպէի կողմէ, վերջ գտաւ Նոյեմբեր 23ին:
Շուրջ 750 կամաւորներ հեռաձայնի «Օռանժ» ընկերութեան կեդրոններէն (Փարիզ, Լիոն, Մարսիլիա եւ Թուլուզ) կապ հաստատեցին շուրջ

60.000 ընտանիքներու եւ ձեռնարկութիւններու հետ, որու իբրեւ արդիւնք ձեռք ձգուած է 1,37 միլիոն եւրոյի նուիրատուութեան խոստում:
Այս խոստումներուն 1,24 միլիոնը եղած է Ֆրանսայէն, 71.000ը՝ Գերմանիայէն, 27.000ը՝ Զուիցերիայէն, 21.000ը՝ Յունաստանէն, 6.000ը՝ Պելճիքայէն, եւլն.: Միաժամանակ, նման հանգանակութիւններ տեղի կ'ունենային ԱՄՆ, Գանատայի, Աւստրալիոյ, Արժանթինի, Լիբանանի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ:
Նշենք, որ Ֆոնեթոնը կը շարունակուի Նոյեմբեր 23էն ետք ալ:  Նոյեմբեր 27ին պիտի իրագործուի ԱՄՆի մէջ տարեկան հեռուստամարաթոնը, որու առիթով ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը արդէն ժամանած է Լոս Անճելըս: