Պոտրումի (Թուրքիոյ եգէական ափերուն) Այիոս Նիքոլաոս եկեղեցին, որ 1960ին բոլորովին քանդուած էր, տեղը շուկայ մը կառուցանելու նպատակով, քաղաքապետարանի որոշումով պիտի վերակառուցուի:
Եկեղեցին, 1923ին, յոյներու մեկնումէն ետք լքուած վիճակի մէջ մնալէ ետք, յաջորդաբար դարձած է շարժանկարի սրահ, սպունգի պահեստանոց եւ շուկայ: Այիոս Նիքոլաոս կը նկատուի ձկնորսներու պահապան սուրբը: